2010-12-01 13:19:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա.ին Սուրբ Անդրէաս Առաքեալի Տօնին Առթիւ։


Կարտինալ Գոչը առաջին անգամուայ համար կը գլխաւորէ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւն մը որ կը մասնակցի Տիեզերական Պատրիարքութեան պաշտպան սուրբին` Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնակատարութիւններուն, եկեղեցական փոխյարաբերական կապերու ծիրէն ներս։ Քահանայապետական Քրիստոնեաներու միութեան խորհուրդի նախագահ կարտինալը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը մասնակցեցան Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս առաջինին գլխաւորած հանդիսաւոր սուրբ արարողութեան որուն աւարտին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ու Պատրիարքին յանցնուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին ձեռագիր նամակը եւ նուէր մը։



Իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորութեանքի խօսք կ՛ուղղէ Սուրբ Անդրէասի տօնին առթիւ ՜՜այս տօնին առթիւ - կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը - կաթողիկէ եղբայր ու քոյրերուս հետ միասին ձեզի կը միանամ` շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ որ մեզի շնորհեց Սուրբ Անդրէասի նման Նահատակ սուրբ առաքեալ մը՝՝։

՜՜ Սուրբ Անդրէասի տօնը որ նոյն օրը կը զուգադիպի ըլլայ արեւելեան ըլլայ արեւմտեան ծիսական օրացոյցներու մէջ մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու հաւատարմութիւնը` առաքեալներու ուսուցումին` ըլլալու Քրիստոսի Հաւատքը աւետողներ թէ խօսքով ` թէ կեանքի օրինակով՝՝։՜՜Այս հրաւէրը նաեւ հրամայական մըն է բոլոր քրիտոնեաներու համար՝՝։

՜՜Յաջողութեամբ պսակելու համար մեր այս պարտականութիւնը- կը կարդանք նորին սրբութեան նամակին մէջ - պէտք է շարունակենք ընթանալ ամբողջական հաղորդութեան ճանապարհով, միացնելով մեր բոլոր ուժերը ու տալով աւետարանի միասնական վկայութիւն մը մեր ժամանակշրջանի մարդոց՝՝։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալ հոկտեմբերին Ռոտի կղզզի մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական Համագումարի ընթացքին կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան յատկացուած ընդունելութեան համար ու նամակը եզրափակեց աղօթքի միութեան, խաղաղութեան ու քաջառողջութեան լաւագոյն մաղթանքներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.