2010-12-01 13:20:29

Լեռնային Ղարաբաղի Ի Նպաստ Ձեռնարկ Իտալիոյ Մէջ։


Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ վերջերս ծրագրուած է տեղեկատուական քարոզչութեան ձեռնարկ մը, հանրային կարծիքը մասնակից դարձնելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին։
Տեղեկացնել իտալացի ժողովուրդը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին, անոր պատմութեան եւ իրաւունքներուն, այս է ահա կէտնպատակը ու այս առնչութեամբ ստեղծուեցաւ կայքէջ մը իտալերէն լեզուով ՜՜www.karabakh.it՝՝ նուիրուած Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ հրատարակուեցաւ 140 էջնոց հատոր մը ՜՜Ղարաբաղի Իրաւունքները- փոքր երկրի եւ մեծ ժողովուրդի մը պատմութիւնը՝՝ վերնագրով. (Caravaggio հրատարակչատունէն)։
Ծրագիրը իրագործուած է Պէզիքեան ընտանիքի մեկենասութեամբ։
Վերոյիշեալ հատորին մէջ հեղինակը կ՝անդրադառնայ Ղարաբաղի ընդհանուր պատմութեան յիշելով մասնաւորապէս ազատագրման պատերազմը եւ հանրապետութեան ինքնորոշման հարցը։
Այս տեղեկատուական քարոզչութեան ծիրէն ներս վերոյիշեալ հատորէն օրինակներ ձրիաբար բաշխուած են` իտալական հաստատութիւններուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն, յանձնախումբերուն եւ համալսարաններուն ու նաեւ իտալիոյ բոլոր երեսփոխաններուն, Եւրոպայի Խորհրդարանին, ԵԱՀԿ-ի անդամ Իտալացի ծերակուտականներուն եւ երեսփոխաններուն, եւ արտաքին գործոց նախարարութեան։
՜՜Ղարաբաղի Իրաւունքները- փոքր երկրի եւ մեծ ժողովուրդի մը պատմութիւնը՝՝ հատորը Լեռնային Ղարաբաղի մասին իտալերէն առաջին գիրքն է ՝։ Անոր մէջ տեղ գտած է նաեւ ԼՂՀ նիւթին շուրջ ժողովներու ու խորհրդաժողովներու ծրագիրները։
Հատորին մասին կը կարդանք.
Պատմութիւնը փոքր հողի մը, նման փոքր թաշկինակի մը, նետուած՝ խռովարար Կովկասի մէջ, եւ մեծ ժողովուրդի մը որ կը պայքարի իր ինքնորոշման իրաւունքը ստանալու համար։
Լեռնային Ղարաբաղի դէպքի շուրջ կը դառնան Միջազգային շահերը, տեղ տալով նաեւ դիւանագիտական կնճռոտ կարգադրութիւններու. ՜՜ինչպէս Քոսովօ-ն եւ քարիւղի պարտութիւնը, Խորհրդային Միութեան քայքայումը եւ հին ոխերը։ Եւ մանաւանդ հինգ տարուայ արիւնալի պատերազմի ՜՜օրագրութիւն՝՝ը, որոնք տեղ չէին գտած օրաթերթերու առաջին էջերուն վրայ։
Մինչ Հայաստանը եւ Ադըրբէջանը մեծ դժուարութեամբ կը փնտռեն խաղաղութեան ուղին, յայտարարութիւններու եւ պատերազմի սպառնալիքներու միջեւ, որոնք կը դնեն մարդիկը լարուածութիւնը սաստկացնելու սարսափին մէջ, այս հատորը կու գայ կարեւոր տեղեկութիւններ տալու Կովկասեան Արցախի հանրապետութեան մասին։
՜՜Ղարաբաղի պահանջատիրական Իրաւունքները- փոքր երկրի եւ մեծ ժողովուրդի մը պատմութիւնը՝՝ հատորին հեղինակն է` Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի անդամ Էմանուէլէ Ալիբրանտին որ անցեալ տարի հրատարակած էր ՜՜Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ 1915ի իտալական մամուլը ՝՝ հատորը։

Համազգայինի Վահէ Սէթեան Հրատարակչատան Տաղաւարը։
Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն-գրատարածը , յատուկ տաղաւարով մը կը մասնակցի (26 նոյեմբերէն 5 դեկտեմբեր 2010) Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ կայացած' Կաթողիկէ մամուլի միջազգային միութեան կազմակերպած ցուցահանդէսին։
Արաբական հրատարակչատուներու, մամուլի եւ կայքէջերու յատկացուած տաղաւարներուն կողքին, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունը իր տաղաւարին մէջ կը ցուցադրէ հայերէն եւ օտարալեզու հրատարակութիւններ







All the contents on this site are copyrighted ©.