Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ղազախստան՝
մասնակցելու համար 1-2 դեկտեմբերին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի անվտանգութեան
եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) 7-րդ վեհաժողովին։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան
երէկ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի
կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան
երէկ ընդունեց նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր
Սեմնեպին։ Նախագահ Սարգսեան եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը քննարկեցին
Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր։