2010-11-30 12:25:27

Կարտինալ Թոռանի այցելութիւնը Բաքիստան քաջալերանք ներշնչեց Բաքիստանի Քրիստոնեայ Հաւատացեալներուն կ՛ըսէ Գերապայծառ Սալտանիա-ն`Բաքիստանի Եպիսկոպոսած Համահաւաք Դասի Նախագահը։


Գերապայծառ Սալտանիա-ն Բաքիստանի Եպիսկոպոսած Համահաւաք Դասի Նախագահը Աճէնցիայ ֆիտէսի յայտարարութեան ընթացքին ըսած է թէ <<Կարտինալ Թոռանի այցելութիւնը Բաքիստան մեծ քաջալերանք ներշնջեց Բաքիստանի Քրիստոնեայ Հաւատացեալներուն. Ան Բաքիստան ժամանեց քաղաքական եւ ընկերային տաքնապալից շրջանի մը ընթացքին` որոնց մէջ նշենք Տիկին Ազիայ Պիպիի հարցը եւ ուրիշ հարցեր>>։
Ազեայ Պիպին այն քրիստոնեայ տիկինն է որ մահապատիժի դատապարտուած է հայհոյութեան համար։
Քահանայապետական Միջեկեղեցական երկխօսութեան Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Թոռանը` Բաքիստան մեկնած է 25 -28 նոյեմբեր ուր հանդիպումներ ունեցաւ տեղւոյն կաթողիկէ համայնքի հետ, Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի զանազան յանձնախումբերու հետ ու մասնակցաեցաւ միջկրօնական համագումարի մը։
Անցեալ 25 նոյեմբերին հանդիպեցաւ փոքրամասնութիւններու Նախարար Շահպազ Պհաթթիի ու Փաքիստանի Նախագահ Ազիֆ Ալի Զարտարիի որուն ուշադրութեան յանձնեց Ազիայ Պիպիի հարցը ու Սուրբ Աթոռի մտահոգութիւնը։
Գերապայծառ Սալտանիա-ն իր յայտարարութեան մէջ անդրադարձաւ բաքիստանի քրիստոնլաներու մտահոգիչ կացութեան մասին եւ Իսլամներու ցույցերու եւ անհանդուրժողական կոչերու աճումին` յոյս յայտնելով որ Կարտինալ Թոռանի այս այցելութիւնը ծառայէ հանդարտեցնելու լարուածութիւնները եւ հանգելու համերաշխ լուծումներու նա մանաւանդ Ազիայ Պիպիի հարցին նկատմամբ ուր Գերապայծառ Սալտանիա-ն կը մաղթէ նոր դատի նիստ մը գումարումը` Բարձր Դատարանի առջեւ` ստուգելու դիտմամբ անոր անմեղութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.