2010-11-30 13:32:23

''Աշխարհի Լոյսը'' Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հարցում-Պատասխան Գիրքէն Արդէն Ծախուած Է Աւելի Քան 50 Հազար Օրինակ ։


Գերմանացի լրագրող Բիթըր Սիուալտի հարցում պատասխան ''Աշխարհի Լոյսը'' գիրքը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հետ, մեծ շահագրգռութիւն յառաջ բերած է իտալացի ընթերցողներու մօտ։ Անոր ներկայացումին օրը արդէն աւելի քան 50.000 օրինակ ծախուած է (կը յայտնէ Վատիկանի տպագրատունը)։
24 նոյեմբերին լոյս տեսաւ գերմաներէն տպագրութիւնը իսկ ֆրանսերէնը 27 նոյեմբերին։
Հարցում պատասխան ''Աշխարհի Լոյսը'' գիրքը ունի որպէս ենթատիտղոս` ՜՜Քահանայապետը, Եկեղեցի եւ ժամանակի նշանները՝՝։
Անիկա արդիւնքն է վեց ժամ տեւող խօսակցութեան մը՝ որ Պենետիկտոս ԺԶ շնորհած է իր հայրենակից լրագրողին։
Նորին Սրբութիւնը ամենայն պարզութեամբ եւ յստակութեամբ կը պատասխանէ հարցումներուն։
՜՜Վիժումի՝՝ նիւթին մասին պատասխանելով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜Պօղոս Զ Քահանայապետը իրաւունք ունէր։ Ան համոզուած էր թէ վիժումով ընկերութիւնը ինքզինք կը զրկէ մեծ յոյսերէն սպաննելով մարդկային էակները։ Սպաննուած քանի մանուկներ կրնային դառնալ հանճարներ, նորութիւններ բերելով մարդկութեան , ու մեզի ընծայելով նոր Մոցարդներ եւ նոր յայտնաբերութիւններ՝՝։
Աստուծոյ մասին խօսելով ան ըսաւ. ՜՜շատերու համար գործնական աստուածամերժութիւնը կեանքի բնականոն դարձած է ... ստիպողական է որ Աստուած կեդրոնական դեր ունենայ ընկերութեան մէջ՝՝։
Եկեղեցւոյ մասին խօսելով ան պատասխանեց. ՜՜Եկեղեցին՝ գործարան մը չէ եւ ոչ ալ արտադրութեան վայր մը որ շահի հետամուտ է, այլ պարզապէս ՜՜հաւատացեալները եկեղեցի՝՝ են, այսինքն այրերու եւ կիներու հասարակութիւն մը, որ կը համախմուի հաւատքի անունով։ Մեր պարտականութիւնն է ապրիլ հաւատքը ու զայն բարձրաձայն հռչակել։ Եկեղեցին ոչ մէկ բան կը պարտադրէ եւ ոչ ալ կը ներկայացնէ բարոյական որեւէ դրութիւն մը։ Եկեղեցւոյ մեծ առաքելութիւններէն մին է ՜՜շաղկապել հաւատքը տրամաբանութեան հետ, մեր հայացքը ուղղել տեսանելիէն անդին՝՝։
Օրթոտոքս եկեղեցւոյ մասին խօսելով Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ բաւականաչափ յառաջդիմութիւն կը կատարուի։ Այս յառաջդիմութիւնները ռազմավարական կամ քաղաքական չեն, այլ մօտեցումներ են որով ներքնապէս իրարու կը միանանք։
Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքին մասին խօսելով Սրբազան Հայրը ըսաւ ՜՜մենք անմիջապէս իրար հասկցանք։ Իր մէջ բնական ուրախութիւն մը կայ, կերպով մը բնական հաւատք մը որ յատուկ է ռուս հոգիի՝՝ այսպէս յայտարարած է Սրբազան Հայրը խօսելով իր անցեալի հանդիպումներու մասին երբ Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը մետարպոլիտ էր՝՝։
Աղօթքի կեանքին մասին անդրադառնալով ըսաւ ՜՜Քահանայապետը նաեւ պարզ մուռացկան մըն է Աստուծոյ առջեւ, գուցէ բոլորէն աւելի՝՝։ Բնականաբար ամենէն առաջ աղօթքս կ'ուղղեմ Տիրոջ, որուն շատ կապուած եմ եւ անոր հետ մտերիմ եմ։ Սակայն նաեւ կը հայցեմ բարեխօսութիւնը սուրբերու։ Բարեկամական կապ հաստատած եմ Ս. Օգոստինոսի, Պոնավենդուրայի եւ Թովմաս Աքուինացիի հետ՝՝։
Գերմանացի լրագրող՝ Բեդեր Սիուալտ իր կարգին պատասխանելով իրեն ուղղուած մէկ հարցումին թէ ի՞նչ զգացում ունեցած է Քահանայապետին հետ առանձին գտնուելով։ Ան ըսած է ՜՜կը մտաբերէի Էմիլ Զոլայի նկարագրութիւնը իր վէպերէն մէկուն մէջ, քահանային որ վախ ու դողով կը սպասէր Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի հետ իր հանդիպումին ։ Սակայն,Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետ հանդիպելու համար պէտք չկայ վախնալու ու դողալու։ Ան կը հանգստացնէ այցելուն։ Սրբազան Հայրը Եկեղեցւոյ իշխան մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ սպասաւորներէն մէկը, մեծ անձնաւորութիւն մը, որ իր բոլոր հանճարը դրած է մարդու ի նպաստ։







All the contents on this site are copyrighted ©.