2010-11-30 13:35:25

Wikileaks-ը՝ Հայաստանի մասին.


՝՝Wikileaks՝՝ կայքէջը հրապարակած է տարբեր աստիճանի ՝՝գաղտնիք՝՝ի հանգամանք ունեցող աւելի քան 250 հազար ամերիկեան դիւանագիտական փաստաթուղթեր։ ԱՄՆի արտաքին նախարարութիւնը խնդրած էր չտարածել գաղտնի փաստաթուղթերը՝ զգուշացնելով, որ անոնց հրապարակումը կրնայ վտանգել հազարաւոր կեանքեր, փճացնել յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի եւ իր դաշնակիցներուն միջեւ, դիւանագիտական գայթակղութիւններու եւ դեսպաններու արտաքսման պատճառ հանդիսանալ։ Wikileaks-ի տարածած նիւթերուն վերաբերեալ երէկ հրապարակումներ յայտնուեցան աշխարհի մեծագոյն թերթերուն մէջ։ Այդ փաստաթուղթերը կը պարունակեն գայթակղեցուցիչ տեղեկութիւններ,նաեւ անհատական գետնի վրտայ ալ։ Wikileaks-ը՝ Հայաստանի մասին։ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին վերաբերող նիւթեր ալ կան, ինչպէս որ կը հաղորդէ ՝՝Guardian՝՝-ը, նշելով թէ 2008ի Դեկտեմբեր 24-ին Հայաստանի ղեկավարութեան ուղարկուած բաւական խիստ նամակի մը պարագան, ուր ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը սպառնան նոյնիսկ պատժամիջոցներ կիրառել, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը չարգիլէ իր տարածքով զէնքի փոխադրումը Իրան։
Ապա ուշագրաւ է Ատրպէյճանին վերաբերող փաստաթուղթը, որը Ուաշինկթըն ուղարկուած էր այս տարուայ Փետրուար 25-ին։ Հոն մանրամասն արձանագրութիւն կայ ԱՄՆ-ի տեղակալ Պիլ Պըրնսի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ զրոյցի մը։ Այդ զրոյցին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւններուն, ուր Ալիեւ կը նշէ, որ պատրաստ է Մինսկի խումբի ձեւաչափով առաջ շարժուելու, սակայն լրացուցիչ ճնշումներ պէտք է կիրառել Հայասանի նկատմամբ։
Իսկ այն ինչ կը հայի Թուրքիոյ, բոլորովին հակառակ են օրինակի համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի մասին գնահատումները, որ զինք որպէս արտակարգօրէն վտանգաւոր անձ կը ներկայացնեն։ Ան իսլամական ծայրայեղ գաղափարներով՝ խոր ազդեցութիւն կը գործէ վարչապետ Էրտողանի միջավայրի վրայ։ Պէտք չէ անտեսել նաեւ , Տաւութօղլուի փայփայած համաօսմանեան ուժի վերադարձի երազները։







All the contents on this site are copyrighted ©.