2010-11-29 14:33:06

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Շահումեան Համայնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բացման արարողութիւնը ։


Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի մասնակցութեամբ անցեալ շաբաթավերջ Արմավիր Մարզի Շահումեան համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը՝ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ , որու կառուցման աշխատանքները սկսած էին 2009 թուականին: Եկեղեցին կառուցուած է գիւղի նախկին բնակիչ Կարէն Հովհաննիսեանի բարերարութեամբ: Արմավիրի Թեմի առաջնորդ Տէր Սիոն Եպիսկոպոս Ադամեանի նախագահութեամբ եւ թեմի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կատարուած է Եկեղեցւոյ Օծումը:Այս առթիւ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական կոնդակով Տէր եւ Տիկին Հովհաննիսեաններուն շնորհած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարձրագոյն Շքանշանը: Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ բացման մասնակցած է նաեւ ՀՀ Մշակոյթի նախարար Հասմիկ Պողոսեանը, Արմավիրի մարզպետը Աշոտ Ղահրամանեանը, եւ այլ հիւրեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.