2010-11-27 11:55:58

Շաբաթ 27 նոյեմբեր 2010 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին այսօրուայ գործունէութիւնը


Նորտին Սրբութիւնը կ'ընդունի փիլիփփան կղզեխումբի եպիսկոպոսները։
Գրեթէ մէկ տարուայ տեիողութեամբ ընդունելէ ետք Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, Սրբազան Հայրը 25 նոյեմբերէն 6 դեկտեմբեր յաջորդաբար կ'ընդունի փիլիփեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները։ Այս առաւօտ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Ճաբոնի Ս. Աթոռի մօտ նոր նշանակուած դեսպանին որ հանդիպումին ընթացքին ներկայացուց իր հաւատարմագրերը։ Իսկ յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ Յիսնակաց Առաջին կիրակի օրուայ ծիսական ժամանակացոյցի երեկոյեան ժամասցութիւնը, այս տարուայ Յիսնակաց շրջանը նուիրուած է ''Հսկում ծագող կեանքի վրայ'' նիւթին մասին։ Յայտնենք թէ անցեալ 14 նոյեմբերին, Նորին Սրբութիւնը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին ներկաներուն յիշեցուց թէ Յիսնակացը պատրաստութիւն մըն է Յիսուսի ս. Ծննդեան։ Ծիսական այս ժամանակը բարենպաստ է Աստուծմէ հայցելու պաշտպանութիւնը աշխարհ եկող մանուկներուն, ինչպէս նաեւ գոհաբանութիւն մատուցանելու մեզի շնորհած կեանքին համար մեր ծնողներու միջոցաւ։ Փարիզի առաջնորդը Վէնդրուայ Կարտինալը` Սրբազան Հօր միանալով մայրաքաղաքի Յիսուսի ս. Սրտին նուիրուած պազիլիքայի մէջ նոյն ժամուն կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ ջահերով թափօր մը եւ ապա երեկոյեան հսկում` երկրպագութիւն ամենասուրբ Հաղորդութեան, մասնակցութեամբ հարիւրաւոր երիտասարդներու։







All the contents on this site are copyrighted ©.