2010-11-27 11:56:22

Հռոմի մէջ Համաժողով Եւրոպայի պատմական, մշակութային եւ Կրօնական Արմատները նիւթին մասին


27 նոյեմբերին Հռոմի Սալեզեաններու Քահանայապետական համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Համաժողով մը Եւրոպայի պատմական, մշակութային եւ Կրօնական արմատներու նիւթին մասին։ Համաժողովը կազմակերպուած է բժշկական - հոգեբանական եւ կրօնական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ որուն մաս կը կազմեն եւրոպացի խումբ մը բժիշկներ, հոգեբաններ եւ մարդկայնապաշտներ։ Համաժողովին կէտնպատակն է մատնանշել Եւրոպայի թանկարժէք` պատմական, մշակութային եւ կրօնական հարուստ ժառանգութեան արմատներուն, հակազդելու այն հոսանքը որ կ՛ուզէ ամէն գնով անջատուիլ անցեալի կապերէն եւ յիշատակներէն ու բացարձակ կարեւորութիւն տալ միայն այժմէականութեան։ Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գարլոյ Գարտիա` Եկեղեցական Իրաւագիտութեան փրօֆեսոր` Տավիտ Մէկնաճի` Հոգեբանական ամպիոնի փրօֆեսոր եւ Հասսանիա ֆախրէտտին, իսլամ, Միջազգային Համագործակցութեան խաղաղութեան եւ զարգացումի ընկերակցութեան` Մարդկային Իրաւունքներու բաժնի նախագահ։







All the contents on this site are copyrighted ©.