2010-11-26 11:28:47

Փիլիպեանք Կղզեախումբի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի հնգամեայ Կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


25 նոյեմբերէն մինչեւ 6 դեկտեմբեր տեղի կ՛ունենայ Փիլիպեանք Կղզեախումբի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Առաջին խումբը որ կը ժամանէ Հռոմ բաղկացած է 30 եպիսկոպոսներէ որոնք պիտի ընդունուին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ 25 նոյեմբերէն մինչեւ 6 դեկտեմբեր։
Փիլիպեանք Կղզեախումբը, 2008ի տուեալներու համաձայն, ունի 90միլիոն 460 հազար բնակչութիւն։Պաշտօնական լեզուն փիլիպինեան եւ անգլերէն լեզուներն են բայց կը գործածուին նաեւ սպաներենը եւ տեղական ուրիշ բարբառներ։ Բնակչութեան 90 առ հարիւրը Քրիստոնեայ են որոնցմէ 81.5 առ հարիւրը կաթողիկէ։ Իսլամ կրօնքի պատկանող բնակչութիւնը կը հաշուէ 6 առ հարիւր։ Փիլիպեանք Կղզեախումբը Նախագահական Հանրապետութիւն է։Փիլիպեան եկեղեցին կազմուած է 16 եկեղեցական
նահանգի որոնց մէջ կան 16 աւագ թեմեր, 57 թեմ, 4 առաջնորդարան եւ 7 առաքելական փոխանորդութիւններ։Փիլիպեան եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Նէրէօ Օտգիմարը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.