2010-11-26 12:27:53

Նախագահ Սարգսեանի Հանդիպումը Թիւրքմենիաստանի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ ։


Պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքմենիստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Թուրքմենիստանի Խորհրդարանի նախագահ Աքճա Նուրպերտիեւայի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-թիւրքմենական միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման առնչուող հարցեր։ Նկատի առնելով, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ արդէն իսկ ձեւաւորուած է Հայաստան-Թիւրքմենիստան բարեկամութեան խումբը, հանդիպման մասնակիցները ընդգծեցին Թուրքմենիստանի խորհրդարանին մէջ եւս նոյնանման խումբի ստեղծման կարեւորութիւնը։Հայաստանի նախաահը երէկ երեկոյեան Երեւան վերադարձաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.