2010-11-26 11:29:14

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուծաշունչի Սերտողութեան Նուիրուած Համագումարին Պուլկարիոյ Մէջ։


18-20 Նոյեմբեր 2010, Սոֆիայի մէջ, Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) մասնակցեցաւ Ալֆա Դասընթացքի կազմակերպած Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաշունչի սերտողութեան նուիրուած համագումարին:
Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Մոլտովայէն, Ռումանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Պուլկարիայէն ժամանած 75 հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ ներկայ գտնուեցան այս համագումարին, որուն գլխաւոր դասախօսն էր Ալֆա Դասընթացքի հիմնադիր Նիգի Գէմպըլ անկլիքան հովիւը:
Համագումարը առիթ մը եղաւ որ մասնակիցներ բացատրեն իրենց Եկեղեցիներէն ներս Աստուածաշունչին ընթերցման եւ սերտողութեան առնչուած ծրագիրները, ներկայացնեն մասնայատուկ պարագաներ, քննարկեն հասարակաց հարցեր եւ խօսին Ալֆա Դասընթացքին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին:
Յայտնենք որ Ալֆա Դասընթացքը աւելի քան 30 տարիներ առաջ սկսած է եւ կը շարունակուի Լոնտոնի Ս. Երրորդութիւն Անկլիքան Եկեղեցւոյ մէջ ու տարածում գտած է Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Բողոքական Եկեղեցիներու մէջ: Այսօր 163 երկիրներու մէջ զանազան լեզուներով 34 հազար Ալֆա դասեր կը տրուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.