2010-11-26 11:28:30

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ
Աշոտ Սաթեան


Հայ նշանաւոր երգահան եւ նուագախումբի ղեկավար Աշոտ Սաթեան ծնած է Մերվ քաղաքը, Թուրքմենիստանի մէջ, 1906-ին։ 1926-30 սորված է երաժշտութիւնը Պաքուի Հայարտան երաժշտանոցին մէջ։ 1930-էն սկսեալ` կը բնակի Երեւան եւ, հետեւելով Երեւանի երաժշտանոցի ստեղծագործական ուսուցումներուն, 1936-ին կ՛աւարտէ Երեւանի Գոնսերվաթորիան. Իր գլխաւոր ուսուցիչները եղած են Յարօ Ստեփանեան եւ Սերկէյ Բարխուդարեան։
Մինչեւ 1939 աշխատած է Սունդուկեան թատրոնին մէջ որպէս վարիչ երաժշտական բաժնի։ 1939-47 ղեկավարած է Հայկինօ Սթուտիոյի երաժշտական մասը իսկ 1947-52, ընտրուած է Երեւանի երաժշտահաններու (Գոմբոզիթորներու) միութեան նախագահ, յաջորդելով իր ուսուցիչին` Յարօ Ստեփանեանի։
Յօրինած է շատ մը եղանակներ գլխաւորաբար Գեղամ Սարեանի բանաստեղծական կտորներու բառերուն օգտագործումով։ Իր ստեղծագործութիւններէն յիշենք. Մարտիկի երգը, Սիրոյ երգը, Աղբիւրի մօտ, Լաւ լսէք ինձ, Աշխատանքի երգ, Կենաց երգ, եւայլն...։
Իր երգերուն մէջ կարելի նակատի առնել վառ գունաւորում մը, զոր Աշոտ ճոխացուցած է մասնաւորապէս նուագարանային գործիքներու բազմազան ընկերացումով։ Ունի նաեւ բազմաթիւ խմբերգներ, զուգերգներ, ժողովրդային երգի ու պարի եղանակներ։ Ան յօրինած է նաեւ վոքալ-սէմֆոնիք տեսակի աւելի ծաւալուն ստեղծագործութիւններ, ինչպէս Արարատեան հովտի երգերը, որ 1952-ին Պետական մրցանակի արժանացած է։ Նոյն տեսակին կը պատկանին Լեռներու երգեր շարքը, Գայանէի Արիան, գրուած Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւնները որպէս հիմք ունենալով, ինչպէս նաեւ Գարնան երգ Վալսը։
Աշոտ Սաթեան յօրինած է առաջին հայկական լարային քառեակը, որու տիտղոսն է Զանգեզուրի լեռներում, 1936-ին։ Փողային նուագախումբի համար եւս յօրինած է զանազան քայլերգներ (Զաքիյանի քայլերգը, 1942-ին). Թատերգութիւններու եւ ֆիլմերու նուագներ ալ գրած է ինչպէս Դաւիթ Բեկ, Անահիտ եւ Ում ժպտում է կեանքը ողբերգութիւնները, իսկ Սովետական Հայաստան ֆիլմի համար գրած երաժշտութիւնը արժանացած է դարձեալ պետական մրցանակի Կարլովի Միջազգային ֆիլմի փառատօնին առթիւ, 1951-ին։
Սաթեանի գործերուն ամբողջութիւնը կրնանք ըսել կը կրէ հայրենասիրական գունաւորում։ Ան կ՛արտայայտէ լիովին ժողովուրդի զգացումները. Ազգին դարաւոր երգերու մեղեդիները խորապէս ներշնչած են զինք եւ ժողովուրդի հոգին դրսեւորած է իր զանազան տեսակի ստեղծագործութիւններուն մէջ, նոյնիսկ արդիական էսդրատային երգերու եւ ռոմանսներու մէջ։
Հայ արդիական երգերը տակաւին նոր սկսած էին ծնունդ առնել, երբ Աշոտ Սաթեան, ոգի ի բռին աշխատեցաւ անոնց տալու երաժշտական ամուր հիմք մը, որպէսզի տարիներու ընթացքին անոնք կորստեան չմատնուէին, այլ ունենային շարունակութիւն եւ նոյնիսկ խորացում իրենց տեսակին մէջ։
Սաթեանի ստեղծագործութիւնը մեծ դեր ունեցաւ հայկական արդի երաժշտութեան կազմաւորման ու զարգացման մէջ։ Ան բազմիցս պարգեւատրուեցաւ եւ պատուոյ նշաններ ստացաւ. Մինչեւ այսօր տակաւին կ՛երգցուին իր յօրինած երգերը։ Ան մեռաւ Երեւանի մէջ, 1958-ին, հազիւ 52 տարիքը բոլորած։







All the contents on this site are copyrighted ©.