2010-11-26 12:38:51

Արուեստի Տօնավաճառ Պոլսոյ մէջ։


՝՝Ժամանակակից Պոլիս՝՝ արուեստի տօնավաճառին,որու բացումը կատարուեցաւ 25 Նոյեմբերին,առանձին տաղաւարով կը ներկայանայ նաեւ Հայաստանը։ Այս տարի այս տօնավաճառին կը մասնակցին արուեստի 420 գործիչներ՝ 14 երկիրներէն եւ ուր կը ներկայացուին արուեստի շուրջ 2 հազար ստեղծագործութիւններ։ Ցուցահանդէսին Հայաստանը կը ներկայացնեն նկարիչներ Տիգրան Կիրակոսեան,ֆելիքս Ղազարեան,Արմէն Գէորգեան եւ Նկարիչներու Միութեան Նախագահ Կարէն Աղամեան-ը։







All the contents on this site are copyrighted ©.