2010-11-26 11:28:54

Անկլիքան եկեղեցւոյ Սիւնոդոսը - Պենետիկտոս ԺԶ-րդ Սրբազան Քահանայապետի քաղցր յիշատակով։


24 նոյեմբերի յետ միջօրէին սկիզբ առաւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ Սիւնոդոսական նիստը Վեսմինսդերի Եկեղեցւոյ մէջ ։ Բացումը կատարեցին Եղիսաբէթ Բ Անգլիոյ Թագուհին Եւ Գէնդըրպուրրիի Արքեպիսկոպոս Ռովան Ուիլեամսը ։ Իրենց արտասանած բացման խօսքի ընթացքին Ուիլիամս Արքեպիսկոպոսը եւ Եղիսաբէթ Թագուհին երախտագիտութեամբ անդրադարձան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին վերջերս Անգլիայ կատարած առաքելական այցելութեանը։
ֆինանսական տագնապալից այս շրջանի մէջ -ըսաւ Ուիլեամս Արքեպիսկոպոսը- եկեղեցին կանչուած է ըլլալու Քրիստոնեայ ներկայութիւն մը ու աշխատելու հասարակութեան բարիքին համար...տակաւին կը հետախուզենք Սրբազան Քահանայապետի Այցելութեան դրական հետեւանքները եւ անոր աւետարանի մասին տուած վկայութիւնը։ Իսկ Եղիսաբէթ Թագուհին աւելցուց <<մեր աշխարհականացած ընկերութեան մէջ կրօնի դերը կեդրոնական դարձած է։ Պենետիկտոս ԺԶ-րդ Սրաբզան Քահանայապետի այցը մեզի յիշել տուաւ թէ Քրիստոնեայ Եկեղեցիները եւ աւանդական կրօնները ունին կարողականութիւնը ներշնչելու խանդաւարութեան եւ անկեղծութեան զգացումներ, եւ մտահոգութիւնը աշխատելու հասարակաց բարիքին համար։
Ապա ակնարկելով կարեւոր որոշումներուն որոնց պիտի հանգի սիւնոտոսը` Թագուհին մաղթած է <<իմաստութիւն, հաւասարակշրելու` փոփոխութիւնները շարունակականութեան հետ>>։







All the contents on this site are copyrighted ©.