2010-11-25 12:14:22

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Մուտքին սկսաւ՝ Հայ Ուսանողներու Ու Երիտասարդներու Ցոյցը՝Թուրքիոյ Վարչապետի Լիբանան Այցելութեան Դէմ։


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Լիբանան կատարած այցելութեան դէմ երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) կողմէ։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ԶՈՄ-ականներ, ԼԵՄ-ականներ եւ մեծ թիւով երիտասարդներ ուղղուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայան՝ դատապարտելու համար Էրտողանի Լիբանան այցելութիւնը։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան այս այցելութեան առթիւ կատարած յայտարարութեանը մէջ շեշտեց որ շրջանին մէջ թրքական դերակատարութիւնը ժամանակաւոր է եւ ներկայիս այդ դերակատարութիւնը շահեր կապահովէ միայն թրքական պետութեան եւ ոչ թէ արաբական երկիրներուն։ Յ. Մխիթարեան աւելցուց, որ մեծ թիւով լիբանանցի ղեկավարներ կը բաժնկցին իրենց կարծիքը, սակայն այդ մասին անոնք յստակ կերպով չեն արտայայտուիր,մեկնելով շրջանին մէջ ներկայիս տիրող իւրայատուկ իրավիճակէն։ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծեց որ թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն շահագործել պաղեստինեան հարցը եւ ոչ թէ անոր լուծման նեցուկ կանգնիլ եւ պաղեստինցիներուն զօրակցիլ։
«Մուսթաքպալ» օրաթերթին համաձայն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կամ մեքանիզմ ունի՝ լիբանանեան տագնապը լուծելու առումով։ Թուրքիոյ վարչապետին Լիբանանի այցելութեան առիթով տեղի ունեցաւ բողոքի ՝՝հաւաք-ցոյց՝՝ մը Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակին վրա յ այսօր 25 նոյեմբերին,լիբանանի ժամով, կէսօրուան ժամը 1-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.