2010-11-25 13:13:01

Պենետիկտոս ԺԶ-րդ Սրբազան Քահանայապետը 2011 ի պիտի այցելէ Գերմանեան:


Գերմանիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ Արքեպիսկոպոս Րոպերդ Զոլլիտսչին յայտարարած է թէ Պենետիկտոս ԺԶ-րդ Սրբազան Քահանայապետը ընդառաջելով գերմանիոյ Նախագահ Քրիսդիան Վուլֆի եւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի հրաւէրին իր հաւանութիւնը տուած է այցելելու Գերմանեան` հաւանաբար 2011 ի սեպտեմբերին` հիւրը հանդիսանալով Պերլինի եւ ֆրիպուրկի Աւագ Թեմի ու Էրֆուրդի թեմին։ Գերմանիոյ եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը երախտապարտութիւն յայտնած է Սրբազան Հօր եւ յայտնած թէ այս հովուական այցելութիւնը աւելիով պիտի ամրապնդէ ու հաստատէ գերմանիոյ եկեղեցին եւ հասրակութիւնը աւելցնելով թէ Սրբազան Քահանայապետը իր մշտատեւ մասնակցութիւնը բեռած է Հաւատքի աւետարանացումին եւ Քրիստոսի վկայութեան ճանապարհով։







All the contents on this site are copyrighted ©.