2010-11-25 12:51:39

ԼՂ դիրքերուն վրայ 4 հայ զինուորներ զոհուած ։ Տեղի ունեցած են ձերբակալութիւններ.


ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակի (ՊԲ) լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժնի տուեալներով, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տակ գտնուող առաջնային բնագիծին վրայ Նոյեմբեր 19ին տեղի ունեցած է միջադէպ մը, որուն հետեւանքով հրազինային կրակահերթերէն զոհուած են ժամկէտային զինուորական ծառայողներ Լեւոն Եսայեան, Ներսէս Գալոյեան, Նարեկ Սահակեան եւ Նուէր Սարգսեան։
Երկուշաբթի 22 Նոյեմբերին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ չորս զինուորներու սպանութեան գործով ձերբակալուած է զինուորական մը, որուն անունը չէ հրապարակուած։ Պաշտպանութեան նախարարութեան քննական ծառայութիւնը տեղեկացուցած է նաեւ, որ երկու զինուորներ եւս ձերբակալուած են Նոյեմբեր 18ի իշերը՝ Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակի զօրամասի ժամկէտային զինուոր Ռոբերտ Աւետիսեանի մահուան գործով։ Ան մահացած է հրազէնէ մը արձակուած 5-6 կրակոցներով։







All the contents on this site are copyrighted ©.