2010-11-24 11:36:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը Խօսեցաւ ՜՜Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։
Չորեքշաբթի 24 նոյեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին ՝՝Պօղոս Զ՝՝ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, ներկայացուց Իտալացի Սրբուհի Կատարինէ Սենացին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սրբուհի Կատարինէ Սենացին ապրած է իտալիայ14րդ դարուն։ Տոմինիքեան միաբանութեան մաս կը կազմէ ու կը նուիրուի ապաշխարութեան եւ հիւանդներու դարմանումին։ Իր սրբութեան համբաւը այնչափ կը տարածուի որ շատ մը երեւելի անձնաւորութիւններոու հոգեւոր խորհարդատւ կը դառնայ մինջեւ իսկ Գրիգոր ԺԱ Սրբազան Քահանայապետին որ այն ժամանակ աքսորուած էր ֆրանսայի Ավինիոն քաղաքը եւ Սրբուհի Կատարինէի խորհուրդով կը վերադառնայ Հռոմ։
Համոզուած ըլլալով եկեղեցւոյ ներքին բարենորոգումի անհրաժեշտութեան ամենուրէք ապաշխարութիւն կը քարոզեր։ Ան սատարած է պետութիւնները միջեւ խաղաղութեան ու այս է պատճարը զինք նկատելու Եւրոպայի պաշտպան սուրբը` սուրբ Պենետիկտոսի հետ միասին։
Քահանաները եւ Սրբազան Քահանայապետը կը կոչեր <<Քաղցր Քրիստոսներ աշխարհի մէջ>>։ Զանոնք կը քաջալերեր մնալու հաւատարիմ իրենց կոչումին եւ իրենց տրուած պատասխանատուութեան։ Իր տիպար հոգեւոր կեանքը ապրած է Քրիստոսի նայելով։ Բեսան է Ան, Սիրեցեալը ամեն բանէ աւել, մեզի սիրել կը սորվեցնէ։ Երկինքի ու երկրի միջեւ Կամուրջն է։ Սրբուհի Կատարինէի ուսուցումները այնքան հարուստ են որ 1970 հրչակուեցաւ Եկեղեցւոյ Վարդապետ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, մաղթելով որ Սրբուհի Կատարինէի օրինակով սորվինք սիրել Յիսուս Քրիստոսն ու եկեղեցին անհուն ու անվեհ սիրով։ Բարի ուխտագնացութիւն կը մաղթեմ բոլորին եւ Տէրը օրհնէ ձեզ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն ու ապա տուաւ իր օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.