2010-11-24 12:11:30

Նորատուսի Միջնադարեան Գերեզմանատունը Ամենամեծն Է Աշխարհի Մէջ


Նորատուս գիւղը հիմնուած է 1829-ին, սակայն պրոնզէ դարու գտածոներու ու միջնադարեան կառոյցներու առկայութիւնը կը փաստէ, որ այդ հողատարածքը հինաւուրց պատմութիւն ունեցող բնակավայր մըն է, որու տարածքին կան մօտաւորապէս 800 խաչքարներ, փորագրուած 9-17-րդ դարերուն։ Այս գերեզմանատունը կը նկատուի աշխարհի մէջ ամենամեծ գերեզմանադաշտ - խաչքարի բացօթեայ թանգարանը, ի հարկէ Ջուղայի (Նախիջեւան) պատմական գերեզմանատունէն ետք։
Նորատուսի միջնադարեան գերեզմանատան բացումը, կը կատարուէր մօտաւորապէս մէկ տարի տեւած վերանորոգութեան եւ բարեկարգումի աշխատանքներէն ետք, ասոր համար Հարեւան համայնքներու բնակիչները այցելեցին Գեղարքունիքի մարզի Նորատուս գիւղը եւ ընդունուեցան Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Մարի Եովանովիչի, ՎիվաՍէլի տնօրէն Ռալֆ Յիրիկեանի, Կիւմրիի մօտ Իտալիոյ պատուակալ հիւպատոս Անթոնիօ Մոնթանթայի եւ բարձրաստիճան այլ հիւրերու։ Այցելութեան նպատակն էր Մշակութային արժէքներու պահպանութեան Ամերիկայի դեսպանի հիմնադրամի միջոցներով եւ հայկական յուշարձաններու ճանաչման ծրագրի նախաձեռնութեամբ, 2,5 միլիոն տոլար յատկացուեցաւ Նորատուսի գերեզմանատունը վերանորոգելու, կանանչապատելու, մօտաւորապէս 900 մեթր ցանկապատելու, ճամբան բարեկարգելու աշխատանքներու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.