2010-11-24 12:11:37

Կնոջական համագումար Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ


Ներկայ տարին Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Գիրով հռչակուեցաւ Հայ Կնոջ Տարի: Այս առիթով, թեմերէն ու գաղութներէն ներս տեղի ունեցան, ու տակաւին կը շարունակուին, հայ կեանքէն ներս կնոջ դերը քննարկող ու վերաշեշտող` զանազան ձեռնարկներ ու հրատարակութիւններ:
Որպէս եզրափակիչ Հայ Կնոջ Տարուան  առիթով տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ կնոջական համագումար մը: Համագումարին պիտի մասնակցին շուրջ յիսուն տիկիններ՝ զանազան գաղութներէ, զանազան տարիքի ու մասնագիտութեան պատկանող ու հայ կեանքէն ներս տարբեր պատասխանատուութիւններ ունեցող: Յիշեալ համագումարին նիւթապէս կ’օժանդակէ ՙՓիւնիկ՚ Հիմնադրամը: Համագումարը տեղի պիտի ունենայ 25–27 Նոյեմբերին: Ան կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդութեան Բաժանմունքին կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.