2010-11-23 11:48:15

Կարտինալ Ուրբանոս Նավարրէթէ ոչ եւս է։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ցաւակցական հեռագիրը Կարտինալ Ուրբանոս Նավարրէթէյի մահուան առթիւ։
22 նոյեմբեր 2010-ի առաւօտեան` 90 ամեայ Կարտինալ Ուրբանոս Նավարրէթէ Գորդեսը կնքեց իր մահկանացուն։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ ունեանյ չորեքշաբթի 24 նոյեմբերի ժամը 11.30 -ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Կարտինալական Դասի Գահերեց Անճելօ Սոտանոյ Կարտինալին եւ մասնակցութեամբ Կարտինալական Համահաւաք դասի անդամներուն։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած է Յիսուսեան Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւոր` Հայր Ատոլֆո Նիքոլաս Փախոնի որուն մէջ յայտնած է իր ցաւը եւ իր գնահատումը հանդէպ` հանգուցեալին, ըլլայ քրիստոնավայել իր կեանքի վկայութեան եւ ըլլայ իրեն մատուցած օրինակելի ծառայութեան նոր սերունդի դաստիարակութեամբ։ Նշենք թէ Յիսուսեան Միաբան Կարտինալ Նավարրէթը եղած է Կրէկորեանայ Համալսարանի Կանոնական ամպիոնի դասատու։Ան ծնած էր Սպանիայ 25 մայիս 1920ին, քահանայ ձեռնադրուած 1952։Կարտինալ հրչակուած 2007ին։ Իր մահով Կարտինալական դասը կը յաշուէ 202 Կարտինալ որոնցմէ 121-ը ընտրող կարտինալ են։ 110 կարտինալ եւրոպայէն, 21-ը հիւսիսային ամերիկայէն, 31-ը հարաւային ամերիկայէն, 17 ափրիկէյէն, 19 ասիայէն եւ 4 ովկեանեան ցամաքամասէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.