2010-11-23 11:48:43

Լ.Ղ.Հ. մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն հարկաւոր է հարցի լուծման համար կը գրէ Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքը


Շաբաթ, 13 նոյեմբեր 2010, Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ուղերձ մը յղեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեանին։ Ուղերձը կը ներփակէ Լ.Ղ.Հ. հիմնախնդրի համար ներկայացուած առաջարկներու օրինակը, որ հոգեւոր տէրը վերջերս ուղարկած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Ֆրանքօ Ֆրաթթինիին, իր իսկ խնդրանքին վրայ, որպէսզի այս յայտնուած գաղափարներու նկատառումով առաջնորդուի յառաջիկայ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին՝ Լ.Ղ.Հ.-ի հարցին եւ անոր պաշտօնական ճանաչումին մասին։
Նամակին մէջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կը ներկայացնէ իր պատկերացումը Լ.Ղ.Հ. հիմնախնդրին արդար լուծման համար, յայտնելով թէ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու ուղղակի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն հարկաւոր է հարցին լուծման համար։ Ան միջնորդներուն ուշադրութեան կը յանձնէ թէ ղարաբաղեան տարածքը պատմութեան ընթացքին երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանին. ան բռնի կերպով ենթարկուած է Ազրպէյճանի իշխողութեան, սովետական համայնավար վարչաձեւին հրամանով, 1920 թուին։
Այս ուղղութեամբ, Հոգեւոր տէրը կը վերյիշէ Միջազգային Ատեանի որդեգրած օրինագիծը՝ Քոսովոյի կապակցութեամբ 22 յուլիս 2010-ին, որ կը հաստատէ թէ ժողովուրդներու ինքնավարութեան իրաւունքը չի հակազդէր միջազգային օրէնքներուն. հետեւաբար, ասիկա կարեւոր նախընթացք մը կը նկատուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան իրաւունքը ճանչնալու համար, կ’եզրափակէ Հոգեւոր տէրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.