2010-11-22 13:54:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Մօտիկութիւն կը Յայտնէ Իրագի Քրիստոնեաներուն


Կիրակի 21 նոյեմբերին, Նորին Սրբութիւնը Հանդիսապետեց հանդիսաւոր համապատարգը որուն մասնակցեցան նաեւ 24 նոր անուանուած կարտինալները` Նորին Սրբութեան ձեռքէն ընդունելով կարտինալական մատանին։ Պատարագէն ետք Սրբազան Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն առաջ իր խորհրդածութեան ընթացքին խօսեցաւ զանազան նիւթերու մասին։
Նախ յիշեց օրուան կարեւոր արարողութիւնը` այն է 24 նոր կարտինալներու անուանումը որ տեղի ունեցաւ Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր ըստ լատինաց տօնին առթիւ։ Այս տօնը` մատնանշեց Բորին Սրբութիւնը` Պիոս ԺԱ Սրբազան Քահանայապետը հաստատած էր 1925ին։ Ապա խորհդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Գիրգի այն հատուացին ուր կը պատմուի Յիսուսի խաչելութիւնը ու բարի աւազակի անոր ուղղած կոչը <<Տէր յիշէ զիս երբ գաս քու արքայութեամբդ>>։ Այս կոչը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - ճշմարտութեան եւ հաւատքի կոչն է, իսկ Յիսուսի պատասխանը <<ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի թէ այսօր իսկ ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ>> Իր անհուն սիրոյ եւ գթութեան արտայայտումն է մարդկանց հանդէպ։ Պենետիկտոս ԺԶրդ Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները հետեւելու այս սիրոյ ճանապարհին եւ ապրելու Յիսուսի հետ միասին։
Ապա արտասանելէ ետք Հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքը Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի` Իրագի քրիստոնեաներու համար նուիրած աղօթքի օրուան։ Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր մասնակցութիւնը յայցելով <<կեանքի եւ խաղաղութեան Աստուծմէ որ աշխարհի բոլոր վայրերու մէջ հաստատուի կրօնի ազատութիւնը>> ու ակնարկելով Իրագի քրիստոնեաներուն տարապանքին աւելցուց` <<Մօտիկութիւնս կը յայտնեմ բոլոր մեր եղբայր ու քոյրերուն որ քաջաբար կը վկայէն Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքը>>։
Ապա զանազան բարբառներով ողջունելէ ետք ներկայ հաւատացեալները բարի կիրակի մաղթեց բոլորին։







All the contents on this site are copyrighted ©.