2010-11-21 12:48:18

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի 21 նոյեմբերին, տօնն է Յիսուս Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւորին, առաւօտեան ժամը 9.30ին, Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համապատարգը հանդիսապետութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին եւ 24 նոր անուանուած կարտինալներու մասնակցութեամբ։
Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը որ երէկ հրապարակային ժողովի ընթացքին յայտարարած էր նոր անուանումները Ծիրանաւորներուն շնորհեց կարտինալական մատանին։
Իր քարոզին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ օրուան տօնին ու անոր նշանակութեան` նշել տալով թէ 2007ի կարտինալական Հաւաքն ալ նոյն տօնի նախօրեակին գումարուած էր։ Պետրոսի յաջորդին առաջին ծառայութիւնը Հաւատքն է հաստատեց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով սուրբ գրային ընթերցումի հատուածը նուիրուած Յիսուսի խաչելութեան ու անոր աջ կողմ գտնուող բարի աւազակին։ Մեր առաքելութիւնը Հաւատքի մէջ կը կայանայ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Դժուար առաքելութիւն մըն է որ չի հետեւիր մարդկային մտելակերպին։ Քահանայապետը ու Կարտինալները կանչուած են միացած ըլլալու եւ այս պարզապես գաղափարախօսական կամ ռազմագիտական երեւոյթ մը չէ այլ Յիսուս Քրիստոսի ու Սուրբ Հոգւոյն սիրոյ միութիւնն է։ Ասոր համար ձեր մատանիներուն վրայ Յիսուսի խաչելութիւնը փորագրուած է եւ ասոր համար է որ ձեր կարտինալական զգեստի գոյնը կարմիր է` արեան գոյնը` կեանքը եւ սէրը խորհրդանշող։
Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն օրհնելով բոլոր ներկաները ու մաղթելով անոնց Բարի Կիրակի։







All the contents on this site are copyrighted ©.