2010-11-21 09:50:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի քարոզը Կարտինալական Հաւաքին


Շաբաթ 19 նոյեմբեր 2010 առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` 24 նոր կարտինալներու հռչակումին առթիւ մատույց սուրբ պատարագ ու իր քարոզին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ իրեն շնորհած այս պատգեւին համար ուր անգամ մը եւս առիթը կ՛ունենար գլխաւորելու կարտինալական դասի հաւաքը որով, նշեց նորին սրբութիւնը, եկեղեցին կը հարստանայ նոր անդամներով։
Անոնք հովիւներ են եկած աշխարհի տարբեր վայրերէն - աւելցուց ան - որ տիպար կերպով ծառայեցին ու կը ծառայէն եկեղեցւոյ եւ սուրբ աթոռին։ Այսօրուընէ անոնք մաս կը կազմեն այն դասին որ Պետրոսի յաջորդին անմիջական օգնական համահաւաք դասն է։ Առ այդ իրենց կ՛ուղղեմ իմ սիրալիր ողջոյնս նորոգելով իմ գնահատանքս եւ իրենց հանդէպ ունեցած համարումս եկեղեցւոյ տուած իրենց վկայութեան համար։ Ի մասնաւորի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի ինծի ուղղած իր խօսքերուն։ Ողջոյնս կ՛ուղղեմ նաեւ բոլոր քաղաքական ներկայացուցիչներու եւ բոլոր անոնց որոնք հոս հաւաքուած են այս ուրախ առիթով։ Նորին Սրբութիւնը ապա իր խօսքը կեդրոնացուց օրուայ սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր Յիսուս կը յայտարարէ թէ եկած չէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու։ Խոնարհութեան ճամբով է որ Յիսուս կ՛ուզէ որ իր աշակերտները առաջնորդուին։ Խոնարհութիւն մինչեւ կեանքի զոհաբերում` չարչարանքի եւ խաչի ճանապարհով։ Բայց աշակերտներէն ոմանք չ՛ըմբռնեցին այս խօսքերը որով երկրային մտայնութեամբ է որ մօտեցած էին հարցին եւ ոչ Աստուածային մտայնութեամբ։ Մեր Վարդապետին ցոյց տուած ճանապարհին հետեւելու ենք, եթէ կ՛ուզենք իրեն աշակերտել։ Ամբողջովին նուիրուելով եւ հպատակելով Աստուծոյ կամքին։

Եկեղեցւոյ մէջ ոչ մէկը տէր ու տիրական է եւ ամենքս կանչուած ենք Աստուծմէ եւ անոր շնորհքով կ՛ընթանանք։ Միայն Յիսուսի <<Հետեւէ ինծի>> խօսքին մտիկ ընելով եւ վերադառնալով մեր նախնական կոչումին մեմք պիտի կարենանք հասկնալ ու ըմբռնել մեր դերը եկեղեցւոյ մէջ։

Եթէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ, թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։իսկ եթէ մէկը ուզէ առաջինը ըլլալ, թող ամենուն ծառայէ (Մարկոս 10 43-45)։ Պատգամ մըն է որ Յիսուս ուղղեց իր աշակերտներուն եւ միեւնոյն ժամանակ ուղղուած է բոլոր անոնց որ Աստուծոյ Ժողովուրդը Առաջնորդելու պարտականութիւնը ունին։
Սիրեցեալ Եղբայրներ պաշտօնը որուն համար կանչուած էք այսօր ձեզմէ կը պահանջէ ունենալ Աստուծոյ Որդւոյն հոգին որ խոնարհեցաւ եւ եկաւ մեր մէջ իբրեւ ծառայ։ Հետեւինք իրեն եւ իրեն նման գիտնանք խոնարհաբար սիրել մինչեւ իսկ մեր կեանքը զոհելով խաչին վրայ` ուրիշներու համար։ Ասոր համար մեր կապը Քրիստոսի հետ ըլլալու է աւելի սերտ ու պինդ որպեսզի կարենանք սուրբ Պօղոսի հետ միասին ըսել <<ես չեմ որ կ՛ապրիմ այլ դուն կ՛ապրիս իմ մէջս>>։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը ներկաները հրաւիրեց աղօթելու նոր նշանակուած կարտինալներուն համար ու Մարիամ Աստուածանայ յանձնեց Կարտինալները ու անոնց առաքելութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.