2010-11-21 09:50:52

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։
Լէօ (Առաքել Բաբախանեան) Հայ մտքի եւ պատմագիտութեան
մեծավաստակ հեղինակութիւնը։ (1860-1932)


14 Նոյեմբերին, մահուան 78րդ տարելիցն էր հայ ժողովուրդի մեծանուն մտաւորականներէն Լէոյի, որուն ծննդեան 150ամեակը լրացաւ այս տարի 2010-ի Ապրիլ 14ին։

Վաստակաշատ հեղինակութիւն մը եղաւ Լէօ՝ ընդհանրապէս հայ մտքի ուսումնասիրութեան եւ յատկապէս հայոց պատմութեան քննական վերլուծութեան ու արժեւորման մէջ։
Աւազանի անունով Առաքել Գրիոգրի Բաբախանեան, Լէօ ծնած էր 14 Ապրիլ 1860ին, Շուշի։ Կեանքի պայմանները չօգնեցին, որպէսզի Լէօ կարենար բարձրագոյն ուսման հետեւիլ։ Ան ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Շուշիի Թեմական եւ Քաղաքային Վերակազմեալ վարժարաններու ջամբած ուսումով։ Աւարտեց 1878ին եւ գնաց Պաքու՝ նոտարական աշխատանք գտնելով եւ ազատ ժամանակը լրիւ օգտաործելով թէ՛ ինքնազարգացման, թէ՛ գրական ստեղծաործութեան եւ թէ հրապարակարութեան համար։ Այդ տարիներէն սկսեալ, Լէօ մնայուն աշխատակիցը եղաւ Գրիգոր Արծրունիի մեծահռչակ ՝՝Մշակ՝՝ թերթին՝ անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ ատենի ծանօթ գրողներու եւ հեղինակաւոր դէմքերու խրախուսանքին արժանանալով։

Ինքնազարգացումը դարձաւ Լէոյի կեանքին առաջնորդող եղանակը՝ զինք դարձնելով հեղինակը աւելի քան 200 հատոր կազմող ստեղծագործութեանց եւ աշխատասիրութեանց։ Իր այդ պատկառելի վաստակը նկատի ունէին իր ժամանակակիցները, երբ կըսէին. ՝՝Լէոն ոչ թէ գրող է, այլ գրական հիմնարկութիւն՝՝։ Բեղմնաւոր գրիչ էր Լէօ, որուն կարճ պատմուածքները, վիպակները, հրապարակագրական յօդուածները, գրախօսականները, ուղերութիւններն ու վէպերը արագօրէն յաջորդեցին իրարու՝ լոյս տեսնելով Թիֆլիսի, Պաքուի, Շուշիի, Վենետիկի, Ս.Ղազարի եւ Պոլսոյ հայ մամուլի էջերուն։

1895ին Լէօ տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց մինչեւ 1924 թուականը, երբ հրաւիրուեցաւ Երեւան՝ իբրեւ Պետական Համալսարանի աւագ դասախօս։ Թիֆլիսեան իր գործունէութեան շրջանին, երկու տարիով, 1906էն -1908, Լէօ դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։ Այլապէս երկար տարիներ եղաւ ՝՝Մշակի՝՝ խմբագրութեան քարտուղարը, իսկ 1908էն ետք դարձաւ ՝՝Մուրճ՝՝ թերթի գլխաւոր խմբագիրը։

Լէօ-ի գաղափարական կազմաւորման վրայ զգալի եղաւ դրոշմը ինչպէս Գրիգոր Արծրունիի մտածողութեան, նոյնպէս եւ Րաֆֆիի ազատախոհ ուղղութեան։ Իբրեւ այդպիսին՝ Լէօ ատենին անխնայ քննադատողը եղաւ իր ժամանակաշրջանի հայ պահպանողականութեան եւ կղերամտութեան։ Դարձաւ քննադատական մտքի դասական եւ ուսանելի օրինակ մը հայ իրականութեան մէջ։ Թիֆլիսի մէջ Լէօ մեծ հռչակի տիրացաւ ոչ միայն իբրեւ գրող, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ նորարար պատմագիր, այլեւ՝ իբրեւ լայն պատրաստութեան եւ գիտութեան տէր մտաւորական մը, որուն քննական արժեւորման կարժանանար հայ իրականութիւնը յուզող իւրաքանչիւր հարց։ Թէեւ Լէոյի գրախօսականները ծայր աստիճան խիստ էին իր ժամանակակից գրողներուն նկատմամբ, այսուհանդերձ՝ ան մեծապէս գնահատուեցաւ իր կատարած քննադատութեանց համար եւ պատահական չէր, որ Կովկասի Հայ Գրողներու Ընկերութեան եւ յատկապէս անոր նախագահ Յովհ.Թումանեանի նախաձեռնութեամբ, 1908ին եւ 1910ին մեծ շուքով նշուեցան Լէո-ի գրական ործունէութեան 25ամեակն ու ծննդեան 50ամեակը։

Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին հանուած ծանրագոյն ողբերգութիւնը՝ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութիւնը անտանելի ըլլալու աստիճան ծանր անդրադարձ ունեցան Լէոյի վրայ։ Մեծ մտաւորականի գաղափարական աշխարհը հիմնովին փուլ եկաւ եւ ան գրեց ՝՝Անցեալից՝՝ խորագրով աշխատասիրութիւնը։
Լէօ իր կեանքի վերջին տարիները, 1924էն- 1932, անցուց Երեւան, դասաւանդելով Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։ Ան վախճանեցաւ 14 Նոյեմբեր 1932ին, գրեթէ կուրացած վիճակի մէջ, բայց մինչեւ վերջին շունչ գրիչը՝ ձեռքին եւ հայոց վիշտը՝ հոգիի խորը։

Լէոյի աճիւնը ամփոփուեցաւ Կոմիտասի անուան զբօսայգիի Պանթէոնին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.