2010-11-21 12:34:09

Իրաքի Քրիստոնեաներու Կեանքի Վախը։


Իրաքի քրիստոնեաները տառապեցնող արդի ժամանակներու ամէնէն վատ աղէտէն շաբաթ մը ետք, կեդրոնական Պաղտատի մէջ կաթողիկէ մայր եկեղեցին վերսկսաւ իր գործունէութիւնը։
Պատուհաններուն ապակիները տակաւին փշրուած, պատերուն վրայ պայթումներու եւ փամփուշտներու հետքերով տաճարը արաօրէն մաքրուեցաւ՝ պատրաստ ըլլալու համար արարողութեան, որ պիտի կատարուէր ճիշդ այն ժամուն, երբ ոճրաործները շաբաթ մը առաջ յարձակեցան։ Երբ տաճարը կը պատրաստուէր բռնարարքէն ետք իր առաջին արարողութեան, Լոնտոնի մէջ իրաքցի բարձրաստիճան կղերական մը՝ Աթանասիոս Տաուտ Արքեպիսկոպոսը, Իրաքի քրիստոնեաներուն երկրէն փախչելու կոչ ուղղեց, որովհետեւ ՝՝Իրաք շատ վտանգաւոր է՝՝։ Լոնտոնի մէջ իրաքցի ուղղափառ քրիստոնեաներու կիրակնօրեայ արարողութեան ընթացքին յղած պատգամէն ետք, Պի.Պի.Սի.-ի տուած հարցազրոյցին մէջ Տաուտ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. ՝՝Եթէ մնանք, անոնք մեզ պիտի սպաննեն։ Ո՞ր մէկը աւելի լաւ է. փախչի՞լ, թէ՞ մնալ։ Սպաննուի՞լ, թէ՞ ողջ մնալ։ Բայց երբ ես կըսեմ՝ լքեցէք, իմ սիրտս ներսէն կը վիրաւորուի՝՝։
Բայց կը թուի, թէ Պաղտատի մէջ ե՛ւ հոգեւոր առաջնորդները, ե՛ւ քրիստոնեայ քաղաքական գործիչները միաձայն են իրենց համայնքը համոզելու, որպէսզի մնան։ Պաղտատի ասորի կաթոլիկ արքեպիսկոպոսը՝ Ինատիոս Մեթթի Մեթոք, ըսաւ, որ անցեալ շաբթուան յարձակումին պատճառով ինք կորսնցուց իր հաւատացեալներու համախմբումին յիսուն առ հարիւրը։
Մեթթի Մեթոք Արքեպիսկոպոսը ըսաւ, որ ինք չի կրնար իր հաւատացեալներու համախմբումին պարտադրել, որ մնան։ ՝՝Իմ ժողովուրդս ինծի կը հարցնէ, թէ այս պատահածէն ետք տակաւին կուզեմ, որ մնա՞ն։ Դարձեալ կրնայ պատահիլ, եւ ո՞վ պիտի պաշտպանէ զիրենք՝՝ (ըսաւ Մեթոք արքեպիսկոպոս)։ Մենք անոնց կ՝ըսենք. եկեղեցին արտագաղթի դէմ է, մենք պէտք է հոս մնանք, ի՛նչ ալ ըլլայ զոհողութիւնը, մեր ճակատագիրին վկայութիւնը կրելու համար։ Բայց անոնք մարդկային էակներ են, եւ մենք չենք կրնար անոնց մեկնումին արգելք հանդիսանալ(աւելցուց ան)։ Քրիստոնեայ քաղաքական գործիչները զայրացած են այն առաջարկներէն, թէ իրենց համայնքը պէտք է մեկնի, եւ թէ՝ արեւմտեան երկիրները պէտք է բանան իրենց դռները Իրաքէն արտագաղթին առջեւ։

՝՝Ասիկա մեր տունն է, մենք իսլամներուն հետ ապրած ենք դարերէ ի վեր, ասիկա մեր ճակատագիրն է, եւ մենք միասնաբար պիտի մնանք՝՝ ըսած է Իրաքի խորհրդարանի քրիստոնեայ ազդեցիկ անդամը՝ Եոնատամ Քաննա։







All the contents on this site are copyrighted ©.