2010-11-19 13:40:26

Վրացի Փոխ-նախարարին Ոչ-Շինիչ Ելոյթը.


Նոյեմբեր 14ին, Թիֆլիսի մէջ կայացող «Թիֆլիսի հայ համայնքը. խնդիրներ եւ հեռանկարներ» թեմայով համաժողովին ընթացքին, Վրաստանի համայնքներու միաւորման հարցերով փոխնախարար Ելենա Թեւտորածէ յայտարարած է, թէ իրենք երբեք պաշտօնական կարգավիճակ պիտի չշնորհեն Վրաստանի մէջ էջմիածնական եկեղեցիին, «քանի որ, այն Հայ Աառաքելական եկեղեցին, որ գոյութիւն ունի մեր երկրի տարածքին վրայ, այսպէս կոչուած՝ Էջմիածինի մասնաճիւղ է», ըսած եւ հեռացած է դահլիճէն: Նշենք, որ Հայ առաքելական եկեղեցին Վրաստանի մէջ պաշտօնապէս արձանագրուած չէ, որովհետեւ պետութիւնը կը մերժէ անոր կրօնական միաւորման կարգավիճակ տալ:
Վրացական իշխանութեանց այս վարքագիծին պատճառով, Ս. Էջմիածինի Հոգեւոր Գերագոյն խորհուրդը, իր վերջին նիստին, որոշեց յետաձգել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ծրագրուած այցելութիւնը վիրահայոց թեմ: Միւս կողմէ վիրահայութիւնը Թեւտորածէի ելոյթին դէմ իր բողոքը արտայայտած է Վիրահայոց թեմի դիւանին կողմէ ստորագրուած յայտարարութեամբ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.