2010-11-19 13:43:55

Հայաստան Եկող Զբօսաշրջիկներու Թիւը Աճում Կ՝արձանագրէ։


Այս տարուայ Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի զբօսաշրջութիւնը աճում արձանագրած է հարիւրէն 15,6 տոկոսով, նախորդ տարուայ հարիւրէն 11,2-ի փոխարէն: Ինչպէս առջի օր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած է ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ տարածքային տնտեսական զարգացման վարչութեան Պետ Մեխակ Ապրեսեան.
՝՝Այս տարուայ Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին արձանագրուած են 487. 902 զբօսաշրջիկներ , որոնց մէջ բաւական մեծ թիւ կը կազմեն Իրանցիները: Բաղդատելով նախորդ տարուայ հետ` կրնանք ըսել որ գրեթէ կրկնակի աճած է իրանցի զբոսաշրջիկներու թիւը»,-յայտնած է Մեխակ Ապրեսեանը: Նախորդ տարի ընդհանուր առմամբ արձանգրուած են 575 հազար զբոսաշրջիկներ , իսկ այս տարի կ՝ակնկալուի աւելի քան 600 հազար այցելուներ: Այս տարուայ 9 ամիսներու տուեալներով արտասահման զբօսաշրջութեան թիւը 474 հազար է, որը նախորդ տարուայ համեմատ աճած է՝ հարիւրէն 19 տոկոսով: Ըստ Մ. Ապրեսեանի` տարուէ տարի կը նուազի Հայաստանէն Թուրքիա մեկնումները, որը ըստ երեւոյթին, պայմանաւորուած է մատչելի այլընտրանքային հանգստավայրերու գոյութեամբը: «Կառավարութիւնը առաւել մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ ներքին զբօսաշրջութեան, եւ «Զբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգով» նախատեսած ենք մինչեւ 2030 թուականը Հայաստան այցելողներու թիւը հասցնել 3 միլիոնի»,-յայտնած է Մեխակ Ապրեսյանը: Ըստ զբօսաշրջութեան եւ տարածքային տնտեսական զարգացման վարչութեան Պետի` զբօսաշրջութեան զարգացման գործընթացքը ցոյց կուտայ թէ նախատեսուած արդիւնքները կ՝իրականանան աւելի շուտ, քան 2030-ը։







All the contents on this site are copyrighted ©.