2010-11-19 13:26:38

Ընկերվար Միջազգայնականը Արցախի Զինադադարը Յարգելու Կոչ Կ՛ընէ։


Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Նոյեմբեր 15-16ին, մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ կայացած Ընկերվար Միջազայնականի (ԸՄ) խորհուրդի ժողովին։ Ժողովի աւարտին, ԸՄ խորհուրդը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին Դաշնակցութեան շարադրած բանաձեւը։ Իսկ Նոյեմբեր 12-13ին, դարձեալ Փարիզի մէջ, Մարիետ Կարապետեանը, որպէս ՀՅԴի ներկայացուցիչ, մասնակցեցաւ Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականի խորհուրդի նիստին։ Ընկերվար Միջազգայնականը սոցիալ դեմոկրատական, սոցիալիստական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու համաշխարհային կառոյց է, որը կը համախմբէ 170 կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ աշխարհի գլխաւոր ցամաքամասներէն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 1996-ի Սեպտեմբերին նորէն դարձաւ Ընկերվար Միջազգայնականի անդամ, որուն կուսակցութիւնը առաջին անգամ անդամագրուած էր 1907ին։ 2003ին, ՀՅԴ-ն դարձաւ ԸՄ-ի լիիրաւ անդամ՝ դառնալով ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ միակ կուսակցութիւնը, որ ունի այդպիսի կարգավիճակ։







All the contents on this site are copyrighted ©.