Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց։ ժամը 11.ին Գէնդէրպուրրի
Արքեպիսկոպոս Տոքթ Րովան Ուիլլիամսը ապա Մեթրոբոլիթ Բերկամոյ Իոաննիս կ. պոլսոյ տիեզերական
պատրիարքութեան ներկայացուցիչ`։ Ժամը 11.30ին նորին սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց
Պրազիլի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի խումբ մը եպիսկոպոսներու` եկած իրենց հնգամեայ
այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին իսկ ժամը 12.15ի Գլեմենդինա Սրահին մէջ
ընդունեց Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի ժողովի մասնակցողները թիւով
60 հոգի։