Մոսկուայի Մէջ Կայացած Է Մետվետեւ-Սարգսեան Հանդիպումը .
Մոսկուայի մէջ կայացած է (Նոյեմբեր 17ին) Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի
եւ Տիմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն
յայտնած է Մետվետեւին՝ ղարաբաղեան կարգաւորման գործին մէջ անոր միջնորդական ջանքերուն
համար: «Կը ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել Ձեր գործադրած ջանքերի համար: Ռուսաստանը
միշտ կարեւոր դեր է խաղացել Կովկասում: Յոյսով եմ, որ Ձեր ջանքերը կ՛աւարտուեն արագ եւ
դրական», ըսած է նախագահ Սարգսեան։ Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններու մասին՝ նախագահները
նշած են, թէ անոնք կը կրեն արտօնեալ բնոյթ: Մետվետեւի խօսքով, ան շատ յաճախ կը հանդիպի
իր հայ գործընկերոջ հետ, եւ այդ հանդիպումները առիթ կը ստեղծեն՝ «ճշդելու ժամանակացոյցները»
տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ «խօսելու ղարաբաղեան կարգաւորման մասին»: