2010-11-18 13:45:26

Մետվետեւ Եւ Ալիեւ Կը Քննեն Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրը.


Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ կայանալիք հանդիպման ընթացքին կը քննէ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը եւ Կասպեան հանքավայրերէն ուժանիւթ փոխադրելու ուղիներու տարբերակները: Ռուսիոյ ղեկավարը Պաքուի մէջ կը մասնակցի մերձ-կասպեան պետութիւններու երրորդ գերաստիճանին, որ Նոյեմբեր 18ին այսօր կը կայանայ Պաքուի մէջ: Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի, Իրանի, Ղազախստանի եւ Թիւրքմենիստանի ղեկավարներու հանդիպման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ ՝՝Կասպից ծովու ապահովութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի հարցը՝՝:







All the contents on this site are copyrighted ©.