2010-11-18 13:52:35

«Ունեսքօ»ն Կը Ճանչնայ Հայկական Խաչքարերը Իբրեւ Ոչ-Նիւթական Մշակութային Ժառանգութիւն՝՝։


Նոյեմբեր 15-19ը, Քենիայի մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ կ՛ընթանայ «Ունեսքօ»ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրի անդամ պետութիւններու միջկառավարական կոմիտէի 5րդ նստաշրջանը: Օրակարգի վրայ ընդգրկուած է «Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան» ցանկերու համալրման հարցը: Ցանկին մէջ տեղ գտած է Հայաստանի հանրապետութիւնը՝ իր «Symbolism and craftsmanship of Khachkars, Armenian cross-stones» («Խաչքարի խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը. հայկական խաչքարեր») ոչ-նիւթական մշակութային արժէքի դիմումով, որ կը ներկայացնէ խաչքարի ծագումնաբանութիւնը, զարգացման ժամանակագրութիւնը, յօրինուածքը, պատկերագրութիւնը, ազգային պատկերացումները, ժողովուրդի կեանքին մէջ խաչքարի դերակատարութիւնը, գործառոյթները, դրսեւորման ձեւերը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից խաչքարագործութեան զարգացումները: Քէնիայի մէջ ընթացող նստաշրջանին, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը, ի շարս այլ փոփոխութիւններու, պահանջած է հայկական դիմումին անուանումը խմբագրել «Հայկական խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» տարբերակով: Ատրպէյճանը իր այս քայլով փորձած է վիճարկել խաչքարի ծագումնաբանութիւնը եւ ազդել նշեալ դիմումի ընդունման գործընթացին վրայ:
Միջ-կառավարական կոմիտէն առաջարկած է հայկական դիմումին քննարկումը տեղափոխել Նոյեմբեր 17ի օրակարգ: Միեւնոյն ժամանակ, « Ունեսքօ»ն առաջարկած է իր ներկայացուցիչին ներկայութեամբ հայկական եւ ատրպեճանական կողմերուն միջեւ բանակցութիւն մը կազմակերպել՝ խնդիրին երկուստէք ընդունելի լուծում մը տալու համար: Երկարատեւ ու լարուած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք, Միջկառավարական կոմիտէն նկատի չէ առած ատրպեճանական կողմին պնդումները եւ ընդունած է հայկական կողմին առաջարկած «Armenian cross-stones art. Symbolism and craftsmanship of Khachkars» տարբերակը, եւ հայկական դիմումը ընդունուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.