2010-11-17 13:52:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Այսօր չորեքշաբթի, նոյեմբեր 17, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Սրբազան Քահանայապետը այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սրբուհի Ժիւլիէն Տէ Գորնիլլոնի կեանքին վրայ,ան որ ապրած է 13-րդ դարուն Պելկիոյ Լիէժ Քաղաքի մօտերը։ Օգոստինեան միաբանութեան անդամ, ան օժտուած էր սրամիտ խելքով եւ Սուրբ Հաղորդութեան հանդէպ ունէր մեծ բարեպաշտութիւն։ Տեսիլքի մը մէջ Տէրը իրեն յայտնած էր որ ՝՝պէտք էր գործել որպէսզի Սուրբ Հաղորդութեան տօն մը հաստատուի` յորում հաւատացեալները կարենան բարեպաշտութիւն մատուցանել` իրենց հաւատքը ամրապնդելու եւ շնորհքներու ուղիով քալելու համար ՝՝։ Քսան տարուայ ընթացքին այս տեսիլքը կը մնայ գաղտնի, որով Սրբուհի Ժիւլիէն կ՛ուզեր վստահ ըլլալ թէ յիրաւի Աստուծոյ կամքն էր ասիկայ։ Լիէժ քաղաքի եպիսկոպոսը ընդառաջելով Սրբուհի Ժիւլիէնի խնդրանքին առաջին անգամուայ համար <<Մարմին Տէրունական>> տօնը հռչակեց իր թեմէն ներս։ 1264 ին Ուրբանոս Դ-րդ Քահանայապետը <<Մարմին տէրունական>> տօնը կը հռչակէ որպէս տիէզերական եկեղեցւոյ տօն։ Սրբուհի Ժիւլիէն Տէ Գորնիլլոնի-ի կը պարտինք ուրեմն այս տօնը եւ ուրախ եմ այսօր հաստատաելու թէ եկեղեցին կ՛ապրի <<նոր գարուն մը>> ( ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ) ուր շատ մը հաւատացեալներ կը վերագտնեն Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի գեղեցկութիւնը։ Սրբուհի Ժիւլիէն Տէ Գորնիլլոնին յիշատակելով նորոգենք մեր հաւատքը Քրիստոսի իսկական ներկայութեան Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։
Ունկնդրութեան ներկայ էին նաեւ իտալիոյ Պազիլիքաթայ Եւ Գամբանիայ մարզերուն Եպիկոպոսները եւ Քաղաքապետները, ինչպէս նաեւ հազարաւոր հաւատացեալներ` 1980ին այն շրջաններուն մէջ պատահած երկրաշարժի 30 ամեակի առիթով։ Նորին Սրբութիւնը իրենց ալ ուղղեց յատուկ խօսք մը յիշելով այն օրերու դժուարութիւնները եւ բարի կամք ունեցող մարդոց աջակցութիւնը ու եկեղեցւոյ օժանդակութիւնը որ չ՛եղաւ լոկ նիւթական այլ գիտցաւ տալ Յարուցեալ Քրիստոսի Յոյսի լոյսը` սփոփելու սրտերը այն դժուար եւ յուսահատական կացութեան մէջ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։Ձեր նայուածքը ուղղեցէք Յիսուսին(ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) խօսքը ուղղելով նախ երիտասարդներուն որպէսզի ըլլաք ՝՝խաղաղութեան եւ յոյսի աշխարհի մը շինարարները՝՝։ Եւ ձեզի սիրելի Հիւանդներ, որ կը տառապիք ցաւերու մէջ, կը մաղթեմ որ ՝՝զգագ Քրիստոսի ներկայութիւնը ձեր մօտ՝՝ իսկ դուք սիրեցեալ նորապսակեալներ ձեզ կը յորդորեմ ձեր արօրեային մէջ գտնելու ՝՝ուժը եւ քաջութիւնը Աստուծոյ մէջ, որպէսզի լիութեամբ ապրիք ձեր կոչումը՝՝։
Թող Յարուցեալ Քրիստոսը իր սիրով լիացնէ ձեր սրտերը, որպէսզի խանդավառութեամբ ընթանաք Յիսուսի ետեւէն։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու(ըսաւ Սրբազան հայրը եզրափակելով իր խօսքը) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.