2010-11-17 14:14:14

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։


Ռուբէն Սեւակ (Ռուբէն Չիլինկիրեան) ։ Ծնած 15 Փետրուար 1885-ին Կ.Պոլսոյ Սիլիվրի գիւղը։ Բանաստեղծ, արձակագիր եւ բժիշկ։

Յաճախած է Ասքանազեան նախակրթարանը, այնուհետեւ՝ Պարտիզակի վարժարանը մինչեւ 1901, աւարտած է Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը 1905-ին, Լոզանի բժշկական համալսարանը 1911, 1911-14 աշխատած է Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։
Ռուբէն Սեւակը կարելի չէ անջատել՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն .
Ռուբէն Սեւակը իր ժամանակակիցներէն աւելի շուտ զգաց ու նկատեց արեմտահայութեան սպառնացող ողբերգութեան հեռանկարը։ Սեւակը իր ստեղծագործութիւններով խոհեմութեան կոչ կ՚ուղղէր, ընդգծելով համազգային միասնութեան կարեւորութիւնը։
1909.-ին, երբ երիտթրքական իշխանութիւններուն կազմակերպած Ատանայի կոտորածներուն զոհ գացին 30.000 հայեր , Ռուբէն Սեւակ եղաւ այն ազգային գործիչներէն մէկը, որ երիտթրքական յեղափոխութենէն «գինովցածները» զգուշացուց ահազանգող վտանգէն։ Այդ զգուշացումը արտայայտեց ոչ միայն իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն, ինչպէս օրինակ «Գիւղական եկեղեցիին մէջ», «Վրէժին սերմնացանը»,«Վերջին օրօրը»,«Վերջին հայերը», ստեղծագործութիւններով, այլ՝ նամակներով եւ հրապարակախօսական ելոյթներով։

Սեւակը կը զգուշացնէր ու կը պահանջէր զինուած ազատագրական պայքար մղել։
1915.-ին թրքական թակարդի զոհ դարձած Ռուբէն Սեւակը ոչ միայն խօսքով ու գրիչով պաշտպանեց իր գաղափարները, այլեւ կեանքի գնով ապացուցեց ժողովուրդին անմնացորդ նուիրուածութիւնը։
1915 թ-ին ան ձերբակալուեցաւ եւ աքսորի ճանապարհին նահատակուեցաւ այն խումբին հետ, որուն մէջ էին Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն եւ ուրիշներ։
Նախքան իր մահը թուրք դահիճները Ռ.Սեւակին առաջարկեցին ընդունիլ մահմետականութիւնը եւ ամուսնանալ թուրք պաշտօնեայի մը աղջկան հետ եւ փրկել իր կեանքը։ Ռ.Սեւակի հետ գտնուող երեւելի հայ գործիչները կը համոզէին անոր ընդունիլ առաջարկն ու փրկել իր կեանքը, Սեւակը սակայն հաւատարիմ մնաց իր ընտանիքի՛ն, իր զաւակներո՛ւն, իր ժողովուրդի՛ն եւ գերադասեց մա՛հը, կեանքը ստորաբար շարունակելու ողորմելի տարբերակէն։
Այժմ Երեւանի մէջ կը գործէ Ռ.Սեւակի անուան դպրոցը։ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ կը գտնուի Ռ.Սեւակի յիշատակի տունը, որ հիմնադրուած է Սեւակի եղբօրորդիի՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի հովանաւորութեամբ։

Սեւակի առաջին բանաստեղծութիւնը «Բաժանման Խօսքեր» տպագրուած է 1905-ին «Մասիս» հանդէսին մէջ։ 1910-ին հրատարակուած է անոր «Կարմիր գիրքը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։ Բանաստեղծը աշխատած է հաւաքել տարբեր շրջաններու մէջ գրած իր բանաստեղծութիւնները եւ հրատարակել «Սիրոյ գիրքը», «Քաոսը», «Վերջին հայերը» խորագրով ժողովածուներ, սակայն ողբերգական մահը անկատար ձգած է իր աշխատանքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.