2010-11-17 13:56:55

Ացիոնէ Գաթթոլիքայ (Կաթողիկէ Շարժում ) կոչուած կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Աղօթելու Իրագի համար։


Ացիոնէ Գաթթոլիքայ - Կաթողիկէ շարժում - կոչուած կազմակերպութեան միջազգային ֆորումը կոչ ուղղած է աշխարհի բոլոր անդամակից ընկերակցութիւններուն, կիրակի 21 նոյեմբերը յատկացնելու՝ Իրագի Քրիստոնեաներու համար Աղօթքի Օրուայ մը։ ՝՝Այս կոչը կ՛ուղղենք բոլոր երկիրներու անդամակից ընկերակցութիւններուն եւ բոլոր Բարի Կամքի տէր մարդոց ՝՝ յայտարարած է Էմիլիոյ Ինզաուրրակա-ն` Ացիոնէ Գաթթոլիքայ միջազգային ֆորումի պատասխանատուն։ 21 նոյեմբերը տօնն է Յիսուս Թագաւորի եւ շատ մը երկիրներու մէջ կը յիշատակուի նաեւ Ացիոնէ Գաթթոլիքայի օրը, մենք կ՛ուզենք աղօթել կեանքի արժէքաւորումին եւ յարգանքին համար եւ մասնաւորապէս բոլոր անոնց համար,որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին իրենց հաւատքին եւ կրօնքին պատճառաւ ըլլայ Իրագի մէջ ըլլայ համայն աշխարհի մէջ ։ Այս օրը թող ըլլայ նաեւ խորհրդածութեան օր մը ըմբռնելու քրիստոնեաներու ներկայութեան իմաստը Միջին Արեւելքի մէջ` այնտեղ ուր գոյացած են մեր հաւատքի արմատները, ու այս օրը թող ըլլայ նաեւ առիթը բաժնեկցելու համայն եկեղեցւոյ հետ միասին, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հանդէպ մեր պարատաւորութիւնները եւ պատասխանատուութիւնը, Միջին Արեւելքի ի նպաստ վերջերս գումարուած յատուկ Սիւնհոդոսի լոյսին տակ։ Որպէս յանձնառու աշխարականներ պէտք ենք խորհրդածել (եզրափակեց Ինզաուրրակա-ն ) կրօնքի սխալ ըմբռնումին ու անոր շահագործութեան վրայ, որպէս ատելութեան միջոց՝ եկեղեցիներու եւ մզկիթներու ու հոն հաւաքուած հաւատացեալներուն դէմ, որոնք կը բաղձան միայն խաղաղ կեանք մը այս աշխարհի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.