2010-11-16 14:53:40

Փարիզի Մէջ Գումարուեցաւ ՀԱՅ ԴԱՏԻ Եւրոպայի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը։


Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ մարմիններու եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ՝ Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Պուլկարիայէն, Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն։ Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի եւ Պրիւքսէլի Գրասենեակի պատասխանատուներն ու ներկայացուցիչները։
Ժողովը զեկուցումներ լսեց եւ քննարկեց Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն մէջ կատարուող փոփոխութիւններու լոյսին տակ յառաջացած նոր մարտահրաւէրները, Եւրոպայի խորհուրդին եւ Եւրոպական այլ կառոյցներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակները, եւ ընդհանրապէս այդ կառոյցներուն կողմէ՝ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ կիրարկուող քաղաքականութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.