2010-11-16 13:27:15

Վատիկանի Ռատիօկայանի Ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի շաբաթական խմբագրականը։
Վերադառնալ Աստուծոյ խօսքին
 


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ իր խմբագրականը կը նուիրէ՜՜Աստուծոյ Խօսքը՝՝ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական յորդորագիրին, որ լոյս տեսաւ 2010 նոյեմբեր 11ին եւ որ կը ներփակէ եպիսկոպոսական 12րդ սիւնոդոսի պտուղները, որ տեղի ունեցած էր 2008ի հոկտեմբերին։
Ինչո՞ւ նոր լայնածաւալ վաւերաթուղթի մը հրատարակութիւնը Աստուծոյ խօսքին մասին, հարց կու տայ իր խմբագրականին մէջ` Հայր Լոմպարտին ։
45 տարի առաջ - կը գրէ ան - Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը հրատարակած էր “Dei Verbum” -Աստուծոյ խօսքը- վաւերաթուղթը որ շատերը կը նկատեն Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի ամենէն կարեւոր վաւերաթուղթերէն մին, որովհետեւ կը յայտնէ եկեղեցւոյ կեանքի եւ առաքելութեան աղբիւրը։
Այս վաւերաթուղթը մեծ դեր մը ունեցաւ Վատիկանեան Բ. վերանորոգիչ ժողովի ծիրեն ներս, բայց ժամանակի ընթացքին այս քայլը ՜՜դանդաղացումի եւ հագեցումի՝՝ ենթարկուեցաւ, յայտարարեց Գերապայծառ Ճիանֆրանգոյ Ռավազին, իսկ Կարտինալ Ուէլլէդ` Վատիկանի եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը հաստատած է թէ ՜՜Աստուծոյ ժողուուրդին հոգեւոր կեանքի մէջ պակաս մը կար որ պէտք էր լրացուի՝՝։
Ուրեմն Սուրբ գիրքը հաւատքի գիրք է, կը ծնի Աստուծոյ ժողովուրդին հաւատքէն եւ կարելի է զայն հմտութեամբ հասկնալ այս հաւատքի հեռանկարով։
Սրբազան Քահանայապետի այս առաքելական յորդորագիրը հարուստ եւ ընդարձակ է։
Թոյլ տուէք որ ակնարկենք երկու կարեւոր կէտերու։
Ա­ Հանդիպելու համար Աստուծոյ ողջ խօսքին, Յիսուս Քրիստոսին, պէտք է որ Ս. գրութիւնները կարդանք եւ մեկնաբանենք գիտական ուղեգիծով, բայց հաւատքի լոյսին տակ։
Բ - Հարկ է օգնել Հաւատացեալները եւ մարդկութիւնը զանոնք Աստուծոյ հետ կապի մէջ դնելու դիտաւորութեամբ, եւ պետք է ապրինք եւ գործենք Յիսուս Քրոստոսի միջնորդութեամբ, ըլլալով ծառաներ Աստուծոյ խօսքին եկեղեցւոյ առօրեայ կեանքին մէջ։
Ասոր համար, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեզի չի յանձներ պարզ եւ կարեւոր առաքելական յորդոր մը. այլ նաեւ՝ զայն հասկնալու եւ իրագործելու բարի օրինակը։ Յիսուսի մասին հրատարակած իր գիրքով Նորին Սրբութիւնը մեզի բոլորիս կը յանձնէ սուրբ գիրքը կարդալու եւ մեկնաբանելու ուղեգիծ մը, եւ իր քարոզներով` որոնք հիմնուած են միայն Աստուծոյ խօսքին ու վարդապետութեան վրայ, քահանաներուս ցոյց կու տայ եւ կը սորվեցնէ քարոզութեան հիմերը։
Սրբազան Քաահանայապետի առաջնորդութեամբ՝ կրնանք իսկապէս յուսալ որ Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովի փափաքած վերանորոգումը սլացք առնէ եւ յառաջ երթայ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.