2010-11-16 13:27:35

Չեխ եւ Սլովաք հանրապետութիւնները կը պատրաստուին լաւագոյնս տօնախմբելու Սլավ առաքեալներու` Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերու յոբելեանը։


2013ին` 1.150րդ տարեդարձն է Սուրբ Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս եղբայրներու մուտքը Մեծ Մորավիայի թագաւորութեան։ Երկու եկեղեցիներու եպիսկոպոսական դասերը մեծապէս կը յուսան որ յոբելենական տօնախմբութիւնները պիտի պսակուին Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ։ Արդարեւ անցեալ 10 Նոյեմբերին սլովաք եպիսկոպոսական դասը պաշտօնապէս հրաւէր ուղղած է Պենլետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գլխաւորելու երկու սուրբ եղբայրներու` Կիրեղ եւ Մեթոտիոս առաքելաներու քարոզութիւնը սլավ ժողովուրդներուն։ Չեխ եկեղեցւոյ համար տօնակատարութեան վայրը պիտի ըլլայ Վելեհրատին մէջ իսկ Սլովաք եկեղեցւոյ համար Նիդրա` իշխանական նստավայրը մեծ Մորավիայի թագաւորութեան։ Երկու սուրբ եղբայրներու մասունքները մէկ յունուար 2011էն սկսեալ թեմէ-թեմ պիտի տեղափոխադրուին առիթ տալու սլաւ ժողովուրդներու մեծարելու իրենց սուրբ լուսաւորիչները։







All the contents on this site are copyrighted ©.