2010-11-16 12:43:33

 2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ.
Հայ Կինը՝ Ընտանեկան Սրբութեան Եւ Հայրենասիրութեան Խորհրդանիշ.


Պատմութեան ողջ ընթացքին, Հայ ժողովուրդի փոթորկալի տարիներուն եւ օրհասական օրերուն, երբ հզօր պետութիւններու սպառնալիքներուն տակ մեր իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանող պետական կառոյցներ չենք ունեցած, Հայ կինը միշտ հաւատարիմ եւ հոգատար ներկայութիւն մը ըլլալով՝ ոչ միայն եղած է ընտանիքի գոյատեւման յուսալի յենարանը, այլ՝ ազգային մեր մեծ ընտանիքին դիմադրողականութեան ուժի ու հաւատքի աղբիւրը, եւ զանոնք սնող կենսատու աւիշը: Եւ ահա ճիշդ այս պատճառով, անձնականը եւ ազգայինը անբաժանելի եղած են Հայ կնոջ մտածելակերպին եւ ապրելակերպին մէջ: Օրինակի համար....
Արաբական եւ Օսմանեան տիրապետութեանց ծանր տարիներուն, կիները զրկուած էին իրենց տարրական իրաւունքներէն: Սակայն, հայ կանայք շարունակեցին հայրենասիրական դաստիարակութիւն տալ իրենց զաւակներուն՝ մնալով հաւատարիմ լծակիցներ ու գործակիցներ իրենց ամուսիններուն: Անոնք հայ ընտանիքին, ազգին եւ եկեղեցիին անբաժանելիութեան վեհ գաղափարը սրբութեամբ փոխանցեցին յաջորդ սերունդներուն:
19րդ դարու վերջաւորութեան, արեւմտահայ մշակոյթի կեդրոն՝ Պոլսոյ մէջ, խումբ մը զարգացած կիներ , հայկական աւանդական փառքերը պահելով հանդերձ, աշխատեցան մեր ազգային մտածելակերպը յարմարացնել Եւրոպայի մէջ սկսած արդիականացման յառաջադէմ գաղափարներուն ու մտածելակերպին: Ժամանակի պահանջներուն յարմարուելով՝ անոնք հիմնեցին բարեսիրական միութիւններ: Այստեղ դարձեալ անձնականն ու ազգայինը անբաժանելի էին:

Իսկ արեւելահայ մշակոյթի կեդրոն՝ Թիֆլիսի մէջ, դարձեալ խումբ մը լուսաւորեալ հայ կանայք աշխատեցան յանուն հայերէնի ու ազգային ինքնութեան պահպանման:
Հայ ժողովուրդի նորագոյն ազատագրական պայքարին մէջ, տեղական նեղ մտածելակերպին փոխարինեց համահայկական մտածելակերպը: Հայ կանայք ինքնիշխան ապրելու կամք դրսեւորեցին, ազատամարտիկներ պատսպարեցին. պատմական Հայաստանէն մնացած փոքր մասունքի մը վրայ հիմնուած մեր հայրենիքին մէջ հայ կինը իր ուժերը մէկտեղեց ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ՝ հայ որբեր եւ գաղթականներ հաւաքելու ու զանոնք պատսպարելով խնամելու համար:
1915ի Ցեղասպանութիւնը, Համայնավարութեան հալածանքներն ու Աքսորները, ինչպէս նաեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Հայութեան տուած մեծ թիւով զոհերը, հայ կնոջ մօտ միայն ու միայն զօրացուցին անոր Աապրելու, Գոյատեւելու եւ Ստեղծագործելու Կամքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.