2010-11-15 13:37:20

Պենետիկտոս ժԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ դահուկասահերու վարպետներու պատուիրակութեան մը


Նորին Սրբութիւնը այս առաւօտ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարտինալ Անթոնիօ Գանիզարէս Լովէրան կառավարիչը Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման Քահանայապետական Խորհուրդի
ապա ընդունեց Պրազիլի Համահաւաք Եպիսկոպոսաց դասի 20 եպիսկոպոսներէ բաղկացած խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած իրենց կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12 ին Գլէմէնդինա սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ դահուկասահերու վարպետներու պատուիրակութիւն մը որոնց ընկերացած էր նաեւ Իտալիոյ արտգործ նախարար ֆրանգօ ֆրադդինին իբր անդամ դահուկասահերու վարպետներու։ Այս առիթով նորին սրբութիւնը իր ուղղած ճարին մէջ նախ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ֆրանգօ ֆրադդինի նախարարին երախտագիտութիւնը յայտնելով իտալիոյ կառաւարութեան ցուցաբերած հոգատարութեան Պաղտատի ահաբեկչական արարքի վիրաւորեալ քրիստոնեաներու իտալիա փոխադրելով եւ բուժումի ենթարկելով։
Ապա նորին սրբութիւնը անդրադարձաւ մարզական գործունէութեան մասին ակնարկլով անոր կարեւորութեան մաrդուն զարգացման եւ բարոյական կատարելագործման ի սպաս։ մարզանքի միջոցաւ անհատը աւելի լաւ կը ճանչնայ իր մարմինը որ լոկ պարզ առարկայ մը չէ այլ հաղորդութեան միջոց մը միւս անհատներու հետ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ դահուկասահի վայրին մասին ակնարկելով լեռներու հսկայութեան եւ մարդոց պզտիկութեան անոնց առջեւ։ Շատ անգամ ըսաւ ան այս լեռները մեզի կը յիշեցնեն Աստուծոյ հսկայութիւնը եւ Արարիչին ստեղծագպրծութեան սքանչելիքները։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները ըլլալու` իրենց ասպարեզէն ներս, վկաները քրիստոնեայ հաւատքին եւ օրհնեց ներկաները ու անոնց հաարազատներն ու ընտանեկան պարագաներու։







All the contents on this site are copyrighted ©.