2010-11-15 14:17:09

ԻՐԱՆ-«5+1» Հանդիպումը 5 Դեկտեմբերին։ Արեւմուտքը Կը Մերժէ Թուրքիան Իբրեւ Վայր Հանդիպման ։


Եւրոպական Միութիւնը առաջարկեց Իրանի հետ հանդիպումը ունենալ 5 դեկտեմբերին,քննարկելու համար Թեհրանի հիւլէական ծրագիրը։ Իրանին ուղղուած նամակի մը մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն մերժեց հանդիպումը Պոլսոյ մէջ կատարելու Թեհրանի նախասիրութիւնը։ Նամակը իբրեւ հանդիպման վայր կառաջարկէ Վիեննան կամ Զուիցերիան։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի նոյնպիսի կեցուածք մը արտայայտեց։ Ան լրագրողներուն ըսաւ, թէ Պոլիսը կրնայ երկրորդ՝ հետեւողական նիստի մը վայրը ըլլալ, սակայն ընդհանուր կարծիքը այն է, որ առաջին հանդիպումը պէտք է Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ վայր մը ըլլայ։ Քեթրին Էշթըն կ՝առաջարկէ հանդիպումը սկսիլ 5 դեկտեմբերին,ընթրիքի մը ընթացքին, ապա զայն շարունակել անհրաժեշտութեան պարագային մինչեւ 7 դեկտեմբերի կէսօրը, որպէսզի կարծիքներու ամբողջական եւ խորքային փոխանակման բաւարար առիթ ըլլայ։ Իրանեան խորհրդարանին մէջ ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի փոխ-նախագահ Հիւսէյն Իպրահիմի յայտնեց որ ՝՝մենք Թուրքիա առաջարկեցինք, իսկ միւս կողմը՝ Զուիցերիա, եւ եթէ բանակցութիւնները Իրանի եւ միւս խումբին շահերը կ՝ապահովեն, ապա Իրանի համար հանդիպումին վայրը կարեւոր չըլլար՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.