Պաշտօնական այցելութեամբ Հնդկաստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց
Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 12 նոյեմբերին գացած է Կալկաթա: Կալկաթայի մէջ Էդուարդ
Նալբանդեանը հանդիպած է Արեւմտեան Պենկալիի նահանգապետ Մայանկոտէ Կելաթ Նարայանանին,
որու հետ քննարկած է Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ապակենտրոնացուած համագործակցութեան
ընդլայնման հնարաւորութիւնները Արեւմտեան Պենկալի նահանգի եւ Հայաստանի մարզերէն մեկու
միջեւ փոխ-գործակցութեան հաստատման հեռանկարները: Նախարար Նալբանդեանը գոհունակութեամբ
նշած է նահանգի հարուստ հայկական մշակութային ժառունգութեան ներկայութիւնը ` հինգ եկեղեցիներ
եւ շուրջ երկու հարիւրամեակի պատմութիւն ունեցող դպրոցը, ընդգծելով միաժամանակ որ
նահանգի իշխանութիւնները միշտ հոգատարութեամբ կը վարուին Արեւմտեան Պենկալի գտնուող
հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանմանը ուղղութեամբ։ Նահանգապետ Նարայանան
պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակել այդ ուղղութեամբ: Էդուարդ Նալբադեան այցելած
է նաեւ Կալկաթայի հայկական դպրոցը, ուր հանդիպած է կրթօճախի ուսուցիչներուն եւ հոն
ուսանող շուրջ ութ տասնեակ աշակերտներու : Ողջունելով նախարար Նալբանդեանը , Հնդկահայոց
հոգեւոր հովիւ Խորեն Հովհաննիսեանը նշած է, որ Էդվարդ Նալբանդեանը Հայաստանի առաջին
բարձրաստիճան պաշտօնեան է, որ կ՝այցելէ Կալկաթայի հայկական դպրոցը, ինչ որ խորհրդանշական
է եւ կը վկայէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ՀՀ Իշխանութիւններու կողմէ
տրուած կարեւորութիւնը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ելոյթ ունեցած է կրթօճախի
սաներուն առջեւ, պատասխանելով բազմաթիւ հարցումներու : Կալկաթայի մէջ Էդուարդ Նալբանդեանը
այցելած է Հնդկահայոց Թեմի Առաջնորդարան` Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ Հայկական Եկեղեցին
: Նախարար Նալբանդեանը գացած է նաեւ Կալկաթայի Մայր-Թերեզայի կողմէ հիմնուած Մայրապետներու
միաբանութիւնը ուր կը գտնուի Մայր-Թերեզայի շիրիմը, եւ հոն նախարարը յարգանքի տուրք
մատուցած է անոր յիշատակին: Միաբանութեան աձնակազմի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի
արտգործ-նախարարը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է 1988 թ. Սպիտակի երկրաշարժէն տուժողներու
օգնութեան գործին մէջ Մայր Թերեզայի ցոյց տուած մեծ ջանքերուն համար: