2010-11-14 13:53:07

Վատիկանի Մատենադարանը Կը Ներփակէ Մարդու Հանճարը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գնահատումով՝ Վատիկանի առաքելական մատենադարանը լոկ աստուածաբանական մատենադարան մը չէ այլ բաց է ու կը ներփակէ մարդու հանճարը։

Հաւատարիմ՝ իր մարդաբանական սկզբունքին, Վատիկանը կոչումով բաց է մարդկային հանճարին ու կը նպաստէ մշակոյթին։

Ամէն ինչ որ մարդկային է, մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ։

Վատիկանի մատենադարանը կը համախմբէ ու կը պահպանէ մարդու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Այս հաստատութիւնը 5 դարէ կը գործէ եւ ճշմարտութեան բոլոր հետապնդողները մեծ ուշադրութեամբ հիւրընկալուած են առանց դաւանանքի եւ գաղափարախօսական խտրութեան, կարեւոր է որ իրենց փնտռտուքը ըլլայ լուրջ, անշահախնդիր եւ որակեալ։ 18 դեկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի այցելէ Վատիկանի մատենադարանը, այնտեղ երեք տարի տեւող աշխատանքէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.