2010-11-14 13:52:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի 14 նոյեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

այսօրուայ ս. Գրային ընթերցումներու մէջ Պօղոս առաքեալը կը խօսի աշխատանքի կարեւորութեան մարդու կեանքին համար։ Այս ուղղութեամբ Իտալիոյ եկեղեցին նոյեմբեր ամսոյն եկրորդ կիրակին կը յիշատակէ գոհութեան օրը, շնորհակալութիւն յայտնելու ամենաբարեար Աստուծոյ տուած պարգեւներուն համար։ Մեր միտքը բարձրացնենք առ Աստուած երկրի բերքին ու մարդու աշխատանքին համար։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան հայրը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Հայթիի աղտեալ ու տառապեալ ժողովուրդին համար խնդրելով միջազգային հասարակութենէն իր շուտափաոյթ օգնոութիւնը հասցնելու անոնց։

Նոյնպէս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակ գտնւող իրաքցիները Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան շնորհքը տայ իրենց եւ Իրաքի համար։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ 27 նոյեմբերին ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի գլխաւորեմ Յիսնակաց շրջանի պատրաստութեան երեկոյեան ժամասացութիւնը, ի պատրաստութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան։ Ծննդեան պատրաստութիւնը բարեբեր ժամանակ է հայցելու Տիրոջ պաշտպանութիւնը կեանքի եկող արարածներու, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Կեանքի Տիրոջ։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները հետեւելու Ս. Կոյս Մարիամի օրինակին, միշտ հաստատ մնալով հաւատքին մէջ ի գին ամէն դժուարութիւններու։ Բարի կիրակի ամէնուդ



իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.