2010-11-14 13:53:41

Հռոմի Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնի Մէջ, Շնորահանդէս՝ ՜՜Lumi di Sapienza 2011 Տարւոյն՝ Օրացոյց-ալպոմին՝՝ ։


Նախաձեռնութեամբ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին եւ ''La Casa di Matriona'' հրատարակչութեան, Ուրբաթ 12 Նոյեմբերի երեկոյեան՝ Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Lumi di Sapienza Օրացոյցի պաշտօնական ներկայացումը։(Գործը՝ նախապէս ներկայացուած էր Միլանոյի մէջ)։

Քրիստոնեայ Ռուսաստան հաստատութեան ''La Casa di Matriona'' հրատարակչութիւնը երեսուն տարիէ ի վեր եւ ամէն տարի լոյս կ՝ընծայէ յատուկ Օրացոյց մը. եւ այս անգամ՝ (2011 տարւոյն համար) ընտրած է ՜՜հայ մանրանկարչութիւնը՝՝ թեման, ներկայացնելով՝ Զ. դարէն մինչեւ ԺԶ. դարու հայ մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներու նմոյշներ։

Արդարեւ 2011 տարուայ օրացոյցը մանրանկարներու սքանչելի հաւաքածոյ մը կարելի է նկատել, առնուած եւ վերատպուած՝ Երեւանի Մատենադարանէն եւ Վենետիկի՝ Մխիթարեան Հայրերու Ս. Ղազար վանքի ժողովածուներէն։

Նշենք թէ այս երեկոյին՝ օրացոյցի շնորահանդէսին, ներկայ էին մեծ թիւով հայեր եւ իտալացիներ։

Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի փոխ նախագահը՝ Տիար Ռոպէր Աթթարեան ողջունեց ներկաները, եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ այս տարի Օրացոյց-ալպոմին համար հրատարակչութիւնը ընտրած է հայ մանրանկարչութիւնը թեման. ՜՜Ասիկա մեծ պատիւ է մեզի՝ (հայերուս համար) ըսաւ ան. քանի որ կը ճանչցնէ հայ ստեղծագործութիւնները , եւ բոլոր անոնք որոնք կ՝ունենան այս օրացոյցը կարելիութիւն կ՝ունենան մանրամասն տեղեկութիւններ քաղելու՝ հայ մանրանկարչութեան մասին. նաեւ այն հարուստ հաւաքածոյին մասին որ կը գտնուի կարեւորագոյն մատենադարաններու մէջ։

Խօսք առաւ նաեւ (ի շարս որոնց) Giovanna Parravicini-ն ՜՜Օրացոյցը խմբագրողը՝՝ որ խօսեցաւ այս տարուան թեմայի ընտրութեան եւ այս ՜՜ալպոմը՝՝ իրագործելու հանգրուաններուն՝ պէտք եղած աշխատանքին մասին։

Ի դէպ՝ այս հսկայ գործին հեղինակներն են.

Երեւանի մատենադարանէն Սիրանուշ Մանուկեան եւ Զարուհի Յակոբճեան.

ու Վենետիկի Studium Generale Marcianum հիմնարկէն Alberto Peratoner ը։

Աւելցնենք որ 2010-ի Յուլիսին լոյս տեսած՝ այս 50 էջնոց մեծ օրացոյցէն՝ (որը իտալերէնով է) կարելի է նաեւ գտնել ((ֆրանսերէն, ռուսերէն եւ գերմաներէն լեզուներով))։

Թղթատելով՝ ՜՜Գիտութեան Ճառագայթները՝՝ անունով այս Օրացոյցը կարելի է ծանօթանալ ՜՜Հայ ազգի քրիստոնէացումի պատմութեան, հազարամեայ մանրանկարչութեան, հայ եկեղեցւոյ հայրերուն ու անոնց գործերուն, կայ նաեւ՝ Նարեկացիի յօրինումներէն տողեր ու այլ նկարներու նմուշներ փոքր չափով եւ ոչ գունաւոր։

Կարգ մը տեղեկութիւններ Օրացոյցի մէջ տեղ գտած իւրքանչիւր ամսուայ մանրանկարին մասին . իւրաքանչիւր ամսուայ պատկերը հիմնուած է յաճախ այդ ամսոյն կարեւոր տօնին վրայ։

Արդ՝ Յունուար ամիսը կը գտնենք՝ Մոգերու այցելութեան եւ Յիսուսի Մկրտութեան մասին մանրանկարներ։

փետրուարին՝ Յիսուսի տաճար ընծայումը ու նաեւ Կանայի հարսանիքը։

Մարտին՝ Յիսուսի խաչելութիւնը ու նաեւ Աւետման դէպքը։

Ապրիլին՝ Վերջին ընթրիք եւ դժոխքի նկարագրութիւնը։

Մայիսին՝ Յիսուսի Յարութիւնը եւ Մարիամի այցելութիւնը՝ Եղիսաբէթին։

Յունիսին՝ Համբարձում եւ Հոգեգալուստ։

Յուլիսին՝ Յիսուս իր աշակերտներէն Պետրոսի եւ Պօղոսի հետ- եւ Թովմաս առաքեալի թերահաւատութեան մասին։

Օգոստոսին՝ Պայծառակերպութիւնը եւ Տիրամօր ննջումը։

Սեպտեմբերին՝ Նախաւետման նկարը Գողգոթայի Խաչը եւ Յիսուսի Բ. Գալուստը։

Հոկտեմբերին՝ Գրիգոր Նարեկացին Խաչեցեալին ոտքին եւ Յիսուսի Փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ։

Նոյեմբերին՝ Ղազարոսի Յարութիւնը եւ Յիսուսի Խաչէն վար առնուելու դէպքը։

Դեկտեմբերին՝ Յովհաննէս առաքեալի Յարութեան տեսիլքը ու Յիսուսի ծնունդը պատկերող մանրանկարներ։

Ներկաները այս առթիւ հարցումներ ուղղեցին հեղինակին՝ Տիկին Giovanna Parravicini-ին որոնց ան պատասխանեց սիրայօժար։

Հուսկ՝ խօսք առաւ գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Նորատունկեան որ մեծապէս գնահատեց այս ՜՜Օրացոյցին՝՝ համար կատարուած աշխատանքը։ Շնորհաւորական խօսք ուղղեց խմբագրին՝ Giovanna Parravicini-ին եւ հայ ու իտալացի գործակիցներուն՝ մանրանկարներու բծախնդիր ընտրանքներուն համար, նաեւ՝ անոնց կցուած կարեւոր տեղեկութիւններուն համար իր ուրախութիւնը յայտնելով որ հայկական գլուխ գործոցները կը գրաւէ նաեւ ոչ հայերու ուշադրութիւնը եւ անոնք մեծապէս գնահատուած են ։

Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ''՜La Casa di Matriona'' հրատարակչութեան, որ ընտրեց հայկական մանրանկարչութեան թեման. արդարեւ, ըսաւ ան, Հայ ժողովուրդը եղաւ Առաջինը որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց որպէս պետական կրօնք, աւելի քան 1700 տարիներ առաջ, շնորհիւ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչին։

Գերյարգելի վրդ.ը նաեւ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյթը կազմակերպողներուն՝ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդին, որ միշտ նման հանդիպումներ կը կազմակերպէ։

Ինչպէս գիտէք, Մալոյեան Մշակութային կեդրոնին մէջ, բազմաթիւ գործունէութիւններ կը կատարուին հայապահպանման ի խնդիր ու նաեւ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը իտալացիներուն ծանօթացնելու նպատակով։

Դառնալով ՜՜Lumi di sapienza՝՝ Օրացոյց Ալպոմին, կրնանք ըսել՝ որ անիկա օգտաշատ գիտելիքներու աղբիւր մըն է, եւ տան մէջ, գեղեցիկ ՜՜tableau՝՝ պատի նկար մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.