2010-11-14 13:52:52

Գերապայծառ Ռավազի Արտայայտութիւնը Արդի Բարբառներու Գործածութեան Անհրաժեշտութեան Մասին։


Գերապայծառ Ճիանֆրանգօ Ռավազիի` մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին նախագահին գնահատումով ՜՜անհրաժեշտ է գտնել արդի բարբառներ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու այսօրուայ մշակոյթի ու մարդու հետ՝՝։

Պատասխանելով Ռատիովատիկանի մէկ հարցումին ըսաւ թէ ՜՜անհրաժեշտ է ու հիմնական, որ Եկեղեցւոյ հովիւները ճանչնան ժամանակակից բարբառները, պահելով հանդերձ կարգ մը բառեր ու ասացուածքներ՝՝։ Ապա ան ըսաւ թէ ՜՜հաղորդակցութիւնը ու լեզուն էական արտայայտութիւններն են մարդ էակին ու կրօնքին՝՝։

Նշենք թէ մշակոյթի քահայանապետական խորհուրդը, ներկայիս 10-13 հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ իր տարեկան լիանիստ ժողովը կը գումարէ. ''Մշակոյթ, հաղորդակցութիւն եւ արդի բարբառներ'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.