2010-11-14 13:53:55

«ՓՐԱՒՏԱ» Օրաթերթը Բաւական Խիստ Շեշտով Կամդրադառնայ՝ Իլհամ Ալիեւի Ռազմատենչ Յայատարարութիւններուն։


Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի 7 նոյեմբերի ռազմատենչ ելոյթը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ ռուսական մամուլին կողմէ։ Հեղինակաւոր ՝՝Փրաւտա՝՝ օրաթերթը, մասնաւորաբար, ընդարձակ յօդուածով բաւական խիստ, միեւնոյն ժամանակ ծաղրական երանգներով անդրադարձաւ՝ Ազրպէյճանի ռազմատենչութեան հերթական պոռթկումին։

Յօդուածին մէջ լրագրողներ Սերկէյ Պալմասով եւ Վատիմ Թրուխաչով կը փորձեն տրամաբանութիւն գտնել Ալիեւի ռազմատենչ ելոյթին մէջ,նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ ընդամէնը օրեր առաջ Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ Ասթրախանի մէջ ստորագրուեցաւ ռազմագերիներու եւ աճիւններու փոխանակման մասին եռակողմ յայտարարութիւնը։ Ինչո՞վ պայմանաւորուած էր Ազրպէյճանի ղեկավարին նմանատիպ հռետորութիւնը։

Հաւանական է, որ ան կը փորձէր ամէն ինչ ընել, որպէսզի կողմնակիցները որքան կարելի է ձայներ հաւաքէին խորհրդարանական ընտրութիւններուն(կը գրէ թերթը)։ Լրագրողներու աչքէն չեն վրիպած նաեւ Ալիեւ կրտսերի երեւակայական դիտարկումները այն մասին, որ ներկայիս Հայաստանը ՝՝բնիկ ազրպէյճանական հողերու վրայ ստեղծուած է եւ Երեւանի խանութիւնը եւ Զանգեզուրի շրջանը պատմական ազրպէյճանական հողերն են՝՝։ Թերթը կընդգծէ, որ Ալիեւ յստակօրէն գլուխէն բարձր կը թռչի։ Ըստ թերթին, հայկական պետութիւնը ստեղծուած է մօտ 2 հազարամեակ առաջ եւ իր գոյութեան ամէնէն ծաղկուն շրջանին տարածուած է Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական։

Հայաստան առաջին պետութիւնն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը։ Այնպէս որ, հայկական հողերը ազրպէյճանական նկատելը ամէնէն քիչը չ ճիշդ չէ(կը գրէ թերթը)։ Յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Պաքու պէտք է յիշէ, որ թէ՛ Պրիւքսէլ, թէ՛ Ուաշինկթըն անոր չեն տրամադրեր նոյնիսկ այն նուազագոյն օժանդակութիւնը, որ Վրաստան ստացած է 2008-ին։ Ինչպէս յայտնի է, Հայաստան այն սակաւաթիւ երկիրներէն է, ուր տեղակայուած են ռուսական ռազմական խարիսխներ եւ ինչպէս Հարաւային Օսեթիոյ պարագային, Ռուսիա անմասնակից պիտի չմնայ իր դաշնակիցին վրայ յարձակման պարագային(կըգրէ ՓՐԱՎՏԱ օրաթերթը)։








All the contents on this site are copyrighted ©.